Հայը՝ մեզի ծանօթն ու անծանօթը

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ամենէն վերջը սեղան բերուեցաւ օրուան հաւաքը իմաստաւորողը՝ եօթը փոքր, գունաւոր եւ վառուած մոմերով զարդարուած տարեդարձի կարկանդակը։ Ապա օրուան «մեծարեալ»ին՝ Հայկին, որուն համար այս երեկոյ ընտանեօք ուրախ եւ աղմկոտ սեղանի մը շուրջ հաւաքուած էինք, թելադրուեցաւ պապիկին՝ մօտս գալ, որպէսզի գիրկս նստի ու թոռնիկ ու պապիկ թէ՛ մոմերը մարէինք եւ թէ՛ միասին ալ նկարուէինք։
Հայկ հնազանդեցաւ: Արագ մը եւ մեծ ժպիտով եկաւ ու գիրկս տեղաւորուեցաւ։ Ինք՝ ի՜նչ ուրախութիւն։ Ես ալ՝ ի՜նչ հպարտութիւն։ Եւ ահա երկուքով մեր վիզերը առաջ երկարեցինք դէպի այդ «օրհնեալ» կարկանդակը, որպէսզի մոմերը միասին փչելով՝ մարէինք։ Ու հարազատներուն խառնիճաղանճ ու անկանոն «մէկ-երկու» համրանքին ու տարեդարձի յատուկ բարձրաձայն ու աղմկոտ երգին հետ, սկսանք փչել։ Ե՞ս, փչե՞լ… Ի՜նչ փչել: Վրաս գրէ՛։ Բերնովս փչոցի ձայներ հանեցի, իսկ ինք, քանի մը ձախող փչոցներէ ետք, վերջապէս մոմերը հանգցուց։ Եւ ահա դարձեալ պոռչտուք… ծափեր… ապրիսներ։ Սենեակէն ներս կրկին անգամ պահը խրախճանք դարձաւ: Մթնոլորտը իսկապէս լեցուն էր նոր կեանքով։ Ապա, գրպանէս նուէր պահարանս կամաց մը հանելով Հայկին յանձնեցի եւ բարձրաձայն ըսի.
— Հա՛յկ, աղուոր տղա՛ս, «իշալլահ» մեծնա՛ս եւ բարի հայ մանչուկ մը դառնա՛ս…։
Մեծ հօր յատուկ բարեմաղթանք մըն էր կատարածս։ Անմեղ եւ հարազատ, բայց կիսատ մնաց։ Հայկը իր անունը լսելով, շուտով ինծի դարձած էր եւ արագ մը «յափշտակած» պահարանս, զարմանքի «ուաթ» (ի՞նչ) մըն ալ ըսելով։
Անդրադարձայ։ Յայտնի էր, որ խեղճը իմ խօսքերէս բան մըն ալ չէր հասկացած։ Յստակ էր, նաեւ թէ տակաւին հայերէնը այդ պահուն բացակայ եւ հեռու էր իր լեզուէն ու ականջներէն: Ուստի փորձեցի այս անգամ մաղթանքս անգլերէնով փոխանցել, ըսել:
«Եո՛ւ, արմէնիէն պօ՛յ, այ հօ՛փ», դո՛ւն, հայ տղէկ, յուսամ…:
Այսչափ։ Մեղայ: Խօսքս «բերանս» ձգեց։ Հազիւ այսքանը ըսած էի, ի՞նչ տեսնեմ, մեր տղան արագ մը գիրկէս վար «թռաւ», վերէն վար զիս չափեց, տուած պահարանս ինծի նետեց, դէմքը ճմռթկեց ու յուզմունքով լեցուած աչքերով մօրը գիրկը վազեց, լալագին պոռալով.
— Այ ամ նաթ արմէնիէն, այ ամ Հայկ, ես ամենինիէն չեմ, ես Հայկ եմ…։
Ամեն ինչ բացայայտուեցաւ։ Մեր հերոսը չէր հասկցած մաղթանքին բուն իմաստը։ Թերեւս ալ իրաւունք ունէր: Իր մօտ «արմէնիէն»ի եւ Հայկի միջեւ յստակ շփոթ մը ըլլալու էր: Թերեւս ալ իրեն համար ամօթ մըն էր «արմէնիէն » կոչուիլը։ Ինք իր անունը շատ կը սիրէր: Ինք՝ իր Հայկ ըլլալը միայն գիտէր։ Իր հարազատ անունն էր։ Հակառակ անոր, որ Արարատ, եռագոյն դրօշ, շատ անգամ միասին գծած, ներկած ու խօսած էինք եւ հակառակ անոր, որ ամեն անգամ Երեւանէն հայկականութիւն կամ Հայաստան բնորոշող գլխարկ-շապիկ եւ հայկական զանազան յուշանուէրներ իրեն համար բերած էինք, սակայն այնպէս կ՚երեւէր, թէ ըսած բառերուս մասին այս տղուն մտքին մէջ սխալ տպաւորութիւն մը բոյն շինած էր։ Երեւոյթ մը, որուն երբեք չէինք անդրադարձած։ Ինչպէ՞ս ընդունիլ կեանքի այս ճշմարտութիւնը։ Մեղաւոր էի: Նոյնպէս ինծի հետ այս մեղքին մեղսակից էին նաեւ իր ծնողքը, դպրոցը, ընկերները, քաղաքը, մթնոլորտը: Բայց հիմա ատոր ատենը չէր:
Անմիջապէս տան մթնոլորտը փոխուեցաւ։ Ահա քեզի «բարի տարեդարձ»: Ես էի զայն այրողն ու մոխրացնողը։ Վայրկեանին բոլորին աչքերը վրաս կեդրոնացան։ Տնեցիք կարծես խօսքերնին մէկ ըրած յանցաւորը կը փնտռէին: Եւ գտած էին։ Զիս։ Ու անկէ ետք, մինչեւ մեր պզտիկ պարոնին համոզուիլը, հանդարտիլը, տարեդարձի սեղանին համը փախած էր արդէն։
* * *
Արդէն ամիսներ անցած են ինծի համար այդ ապշեցուցիչ դէպքէն: Ու ամեն անգամ երբ յիշեմ, մտքիս մէջ կը գծագրուի կորսուածի մը կանչը։ Այդ ի՜նչ վիճակ էր: Աստուած իմ: Ի՜նչ իրականութիւն: Վայրկեանին կը զգամ, որ դարձեալ հայու հոգիս պայքարի մէջ մտած է։ Ամեն ինչ գլխուս մէջ խառնակ է։ Խոր ցնցում մը ներսս է արդէն: Ո՞ւր մնացին բաղձանքներս, երազներէս եւ յոյզերս։ Դարձեալ ես ինծի հարց կու տամ՝ անմեղօրէն: Ամեն բան խառնուած է: Գլուխս քանի մը անգամ աջ-ձախ կը շարժեմ։ Ես զիս կ՚ուզեմ համոզել։
— Վա՜յ, խեղճ Հայկս… վա՜յ… կ՚ըսեմ ու կը կրկնեմ մտովի։ Ցաւը կարծես մէջս լալու սկսած է։ Որովհետեւ ինքնածին տառապանք մը սկսած է կրծել բոլոր մտածումներս։ Ու այս շուարած վիճակիս մէջ, ես զիս կը հարցուփորձեմ:
— Ի՞նչ էր այս պատահածը: Ո՞վ էր սա «արմենիէնը» եւ սա Հայկը: Ո՞վ ենք մենք։ Ո՞վ է հայը։ Ո՞ւրկէ կու գանք եւ այս օրերուն, ո՞ւր կ՚երթանք։ Անկասկած, որ դուրսը, սփիւռքներու տարածքին, Հայկին նման հազարաւոր երեխաներ կան հայ տուներու, դպրոցներու, կեդրոններու մէջ: Ինքզինքնիս չխաբենք: Հայկս բացառութիւն մը չէր եւ չէ։ Բնաւ:
Բայց… այս մէկը արդարացում մըն ալ չէ։
Մէյ մը աշխարհի քարտէսը զննեցէ՛ք։ Այս օրերուն ո՞ւր հայ չէք տեսներ։ Հայուն ամբողջ աշխարհը ծանօթ է, վկայ Ազնաւուրն ու իր յուղարկաւորութեան պետական արարողութիւնը:
Հայը ո՞ւր չէ որ: Կամայ թէ ակամայ, ան ուր որ ալ երթայ, հոն իր տունը կը շինէ: Հո՛ս երկրորդ հայրենիքս է կ՚ըսէ ու բնակարան, եկեղեցի, ակումբ, կեդրոն, մամուլ, դպրոց կը հիմնէ: Գաղութ կը կազմէ: Այս բոլորը՝ որպէսզի ինքզինք եւ իրեն յաջորդող սերունդը ապահով պահէ: Ու իր ուրախ եւ տխուր պահերուն միշտ իր հայրենիքը կը յիշէ, անոր կենացը կը խմէ: Կը յուզուի: Կ՚երգէ: Կը պարէ… այսպէս իր պապենական հողէն հեռու, կը փորձէ… ինքզինք իր գիտցած ձեւով հայ պահել: Իսկ յետոյ, տարիներ ետք, դարձեալ զանազան պայմաններու բերումով, կը ծրագրէ մեկնիլ, հեռանալ իր բոյնէն եւ կ՚որոշէ տեղաւորուիլ նոր եւ բոլորովին այլ օտար երկինքի մը տակ, առանց մտածելու, որ պէտք է մեկնի ու հաստատուի այն հողին վրայ, որուն հայրենիք անունը կու տանք: Մէկ խօսքով՝ Հայաստան
Ու այսպէս, հայուն համար ժամանակի սլաքները կը դառնան աղմուկով եւ նոյնքան ալ անաղմուկ։ Եւ տակաւին պիտի շարունակուին դառնալ: Ուզենք կամ չուզենք: Ամեն տեղ կը փորձենք «նաւարկել» աշխարհի բազմազան հոսանքներուն դէմ՝ յանուն հայապահպանման:
Սփիւռքը ցուրտ է կ՚ըսեմ։ Խաբուսիկ է։ Ահա՛ քեզի մեր Սփիւռքը։ Ահա՛ հայ կեանք։ Ահա նաեւ ճակատագիր եւ հայոց պատմութիւն։
Արդեօ՞ք, այս բոլորէն ետք մենք գիտե՞նք թէ մենք ով ենք։ Դարձած ենք ցիր ու ցան։ Կարծես վարժուած ենք այսպէս ապրիլ։ Ամեն տեղ ուրիշը ընդօրինակած ենք։ Կարծես մեր մտքի բանալին կորսնցուցած կ՚ապրինք յաճախ: Հետզհետէ սկսած ենք մաշիլ: Սա մենք են եւ մենք չենք։ Իբրեւ անբնական կացութեան հետեւանք, Սփիւռքեան ճակատագրին մէջ ինկած ենք։ Միշտ ըսած ու կրկնած եմ, թէ փոխուած են ժամանակները, փոխուած են պայմանները, բայց ազգովին չենք անդրադառնար որ ամենէն առաջ մենք փոխուած ենք։ Կիսամիջոցներով կը գոհանանք: Յաճախ եւ ինչու չէ՝ ընդհանրապէս:
Մռայլ եւ ամեհի դար մըն է, որ կ՚ապրինք։ Հետաքրքիր եւ նոյնքան ալ սարսափազդու։ Ամեն առիթով բեմերէն եւ մեր մամուլի սիւնակներէն ահազանգ կը հնչեցնենք: Զաւակները կորսնցուցած մօր մը նման յաճախ կը պոռանք, որ եթէ զգացումը չկայ, ուրեմն ոչինչ կայ:
Չի բաւեր միայն յիշել թէ հայրենի հող ունինք: Պայման է, որ ըմբռնենք, եւ միաժամանակ գործադրենք, թէ հայ զանգուածները կապելու բանալին մայրենի լեզուի պահպանումն է, հայու հոգիի ռիթմին հետ միատեղ:
Այս բոլորը նորութիւններ չեն: Բոլորս ալ լաւատեղեակ ենք։ Բայց ո՞վ է լսողը: Ո’վ է գործադրողը: Անոր համար մտահոգ ալ ենք։ Մեզմէ շատեր հաւանաբար իրենց քունն ալ կորսնցուցած են։ Որքան խորունկ, այնքան շօշափելի կերպով կը զգանք ամեն բան: Գիտենք, որ հայը չունի արեւելքի միւս ժողովուրդներուն նման ազգային եւ կրօնական մոլեռանդութիւն: Ուրեմն…:
Երկար տարիներ լաւատես եղած եմ ու այդպիսին ալ կը մնամ։ Գիտեմ, որ բացառիկները կ՚ուրախացնեն ազգը: Բայց ինչպէ՞ս ընել, ինչպէ՞ս հոսանքին առաջքը առնել:
Շատեր շատ բաներ ամեն օր կը թելադրեն: Տեսակաւոր ու դրական դեղատոմսեր կ՚առաջարկեն…: Մտահոգ միտքերը միշտ կը կրկնեն, թէ պայման է շարժման մէջ դնել մեր բոլոր հնարքները: Դուրս հանել մեր մէջ բոյն դրած օտարամոլութիւնը: Վերագնահատութեան ենթարկել մեր կեանքը: Հաղորդուիլ ժառանգուած անցեալին: Նոր սերունդին ներքին աչքն ու ականջը բանալ: Բացատրել, թէ աշխարհի վրայ ոչ ոք ունի կամ ունեցած է հայու հոգիին բարձրութիւնը, անոր մշակումը, զարդարումը։ Շեշտել, թէ հայուն երգը շարական եղած է։ Զուսպ եւ ոգեկան եւ իր ձայնը, միշտ երկինք բարձրացուցած։ Դարերով դիմացած է ճակատագրի ամեն տեսակի թունաւոր եւ ահարկու փոթորիկներուն։ Ամեն անակնկալի ներքին ձայն մը զինք կեանքի կանչած է։ Իր երգերը նուիրած է իր կեանքին, իր հողին, իր բանակին, իր բերքին, իր արեւուն, իր Արարատին, իր փողոցին եւ իր վարդագոյն մայրաքաղաքին: Ստեղծագործ իր միտքն է, որ զինք պահած է արթուն եւ զգօն։ Յայտնի եւ անանուն ցաւեր շալկած հոգեկան տառապանք հագած, միշտ ստեղծուած մթնոլորտին մէջ փոխանցած է սէր, գուրգուրանք յարգանք հանդէպ ազգային իր արժէքներուն։
Իսկ հիմա…: Հայկս եւ իր նմանները պարզապէս անմեղ զոհերն են ժամանակին, մեր իսկ անհոգութեան, ինքնախաբէութեան եւ անշուշտ շրջապատի պայմաններուն :
Բայց կը հաւատամ, որ մեր ինքնաճանաչումով, մեր ինքնաքննադատութեամբ եւ ազգային մեր գիտակցութեամբ, իւրաքանչիւրս մեր տուներէն սկսած, մեր մայրենի լեզուի ու հայու ոգիին ներշնչման հետ միատեղ, օր մը անպայման հայու հոգիի պայծառ արեւ մը ունենալու երջանկութիւնը պիտի ունենանք: Օր մը անպայման:
Եւ եթէ կամքը կայ, ուստի ի զուր չեն ջանքերը:

Լոս Անճելըս

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *