Երկու դրուագ «Ոստայն 16 — Ճարտարապետի մը ծոցատետրէն»

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
«ԴՈՒՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ ԵՍ»

Արթինեա՞ն եմ, թէ՞ Յարութիւնեան՝ ի՞նչ կապ ունի ճարտարապետութեան հետ, կամ ճարտարապետ ըլլալուս հետ։
Այս դրուագը, սակայն, պէտք է պատմել սկիզբէն։
Անտրէ Մարիէնին քով վեց ամիս գանատական [առաջին] փորձառութիւն[ս] ամբարելէ ետք, ինքնավստահութեամբ կը սկսիմ վերստին հոս-հոն հեռաձայնել, մանաւանդ անոնց, որոնք առաջին որոնմանս ատեն որոշ հետաքրքրութիւն էին ցոյց տուած։ Իրապէս ալ շուտով տեսակցութեան կը հրաւիրուիմ ուրիշ գրասենակ մը՝ Փոէր, Պուրասա, Կարօ ճարտարապետներուն գրասենեակը։ Անմիջապէս ըսեմ, որ «խծբ»-ի հարց չկար, այդ Կարոն հայ չէր, ֆրանսացի-գանատացի մըն էր, Պուրասային նման, մինչ Փոէրը հունգարական ծագում ունէր, եթէ լաւ կը յիշեմ։
Ուրախ եմ, այս մէկը աւելի կարեւոր հաստատութիւն մը կը թուի, գոնէ երեք գործատէր ունի ու կը գտնուի Ութրըմոն բարեկեցիկ քաղաքամասին մէջ, գրասենեկայի՛ն շէնքի մը մէջ՝ 5757 Տեսել փողոց։ Կը մտնեմ շէնքի գլխաւոր մուտքէն, վերելակով կը բարձրանամ երկրորդ կամ երրորդ յարկ, կը գտնեմ յարկաբաժնի դուռը ու կը մտնեմ ներս։ Լուսաւո՜ր. ի՜նչ մեծ հակադրութիւն նախորդ տեղէս։
Քարտուղարուհի մը կը դիմաւորէ զիս, կ՚առաջնորդէ ժողովասենակ մը, ուր անմիջապէս ինծի կու գայ-կը միանայ պարոն Փոէրը։ Սիրալիր զրոյց մը, ու կ՚առնուիմ գործի։ Իսկ ի՞նչ պիտի ըլլայ ընելիքս։ Սեղանի վրայ է գոլեժի մը ծրագիրը, Լաւալի Մոնմոռանսի գոլեժը, ուր տարիներ ետք սրահ պիտի վարձենք ու «Համազգային»-ի թատերական կամ գեղարուեստական ձեռնարկները պիտի ներկայացնենք։ Հիմակուհիմա միայն թուղթի վրայ է, վերջին մանրամասնութիւնները պիտի աւելցուին, պիտի աշխատիմ… սանդուղներն ու լուացարանները մշակելով։
Կարեւոր չէ ինչով կը սկսիմ, կարեւորը այն է, որ ուրիշ տղաք ալ կան, երիտասարդ ճարտարապետներ, որոնց հետ զրուցելով, որոնց թելադրութիւնները լսելով պիտի հարստացնեմ այդ «գանատական փորձառութիւնս»։
Ուրախ եմ նաեւ, որովհետեւ աւելի տաք ամիսներուն է, որ այստեղ կ՚աշխատիմ, կէսօրները կ՚իջնեմ քալելու, քաղաքին քիչ մը աւելի ընտելանալու։ Շէնքին կողքը կը նայի աւելի կարեւոր պողոտայի մը՝ Շըմէն տը լա Գոթ-Սենթ-Գաթերինի վրայ, ուր մեզի անմիջապէս յարակից է մանկական հիւանդանոցը՝ Սենթ-Ժիւսթինը, որուն նորոգութիւններուն եւ ընդլայման նախագիծերուն իմ մասնակցութիւնը պիտի բերեմ տասնամեակներ ետք, երբ նոյնիսկ սոյն շէնքը, ուր հիմա գործ գտեր եմ, մաս պիտի կազմէ հիւանդանոցի ընդարձակ համալիրին։ Բայց այդ ուրիշ պատմութիւն է։
Միշտ հաճելի է ճեմել այդ պողոտային վրայ, հասնիլ մինչեւ յունական Սուրբ Գէորգ մայր տաճարը, որ յոյն ճարտարապետ Տիմագոփուլոսի գլուխ-գործոցներէն մէկն է. զմայլիլ անոր ծաւալներով, մանաւանդ նախանձիլ, որ ինչպէ՛ս յաջողած է ան ստեղծելու արդի՛ ճարտարապետութիւն մը, հաւատարիմ մնալով հանդերձ իր մշակութային ժառանգութեան։ Իրապէս ներշնչումի աղբիւր մը, որ յետոյ ինծի ուղեցոյց պիտի հանդիսանայ, երբ Մոնթրէալի հայ կաթոլիկ համայնքի Նարեկայ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին յօրինելու բացառիկ առիթը պիտի ընծայուի ինծի։ Բայց այդ ալ ուրիշ պատմութիւն է։ Այդ Սուրբ-Գէորգի մէջ ալ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած գրքի մը շնորհանդէսը պիտի կատարուէր հայ մշակութային միութիւններու նախաձեռնութեամբ։ Տարինե՜ր ետք։ Աւելի անդին Տոմինիքեան հայրերու եկեղեցին էր, նոյնպէս իւրայատուկ կառոյց մը, դուրսէն առանց շատ եկեղեցիի նմանելու, այսինքն՝ մեզի ծանօթ եկեղեցական շէնքի մը նմանելու, բայց ներսը, բարձրադիր ու տարածուն պատուհաններուն շնորհիւ լոյսով ողողուած, կարծես երկինքը հրաւիրելու դէպի ներս, կամ քեզ տանելու դէպի կապո՜յտ անջրպետները։ Ներշնչո՛ղ։ Յաճախ խոկացեր եմ այդ եկեղեցւոյ նստարաններուն վրայ։ Ա՛յս ալ փորձառութիւն էր, որ կը վաստկէի։ Ըսեմ նաեւ, որ այստեղ ալ յետոյ հայկական առնչութիւն մը պիտի ըլլար։ Վարդապետներէն մէկը հայութեան մասին թերթերու մէջ պիտի գրէր, պիտի դասախօսէր, լաւ չեմ յիշեր։
Գրասենեակին մէջ երկու գործակիցներ կ՚արժէ յիշել, գործակիցներ, որոնց հետ որոշ մտերմութիւն ու առնչութիւն ունեցայ։ Մէկը Զոլթանն էր, Չիլիէն, հունգարական, բայց աւելի հին՝ հայկակա՛ն ծագումով։ Իր մասին գրած եմ այլուր — Տես «Ամեն օրուան պէս», Ոստայն 12 – Հանգոյցներ, Մոնթրէալ 2019։ Դժբախտ տղայ մըն էր, կարծեմ ծնողքը բաժնուած էր, ինք զիրենք ձգած, Մոնթրէալ եկած էր, յետոյ Վանգուվըր գնաց, ի՞նչ եղաւ չեմ գիտեր, հետքը կորսնցուցի։ Միւսը Տոպրոն էր, եուկոսլաւիացի, աւելի ճշգրիտ՝ խրուաթիացի, հպա՛րտ խրուաթիացի մը։ Այր ու կին ճարտարապետ էին, յետոյ անձնական գործ բացին, որոշ վարկ ալ ունեցան։
Այս Տոպրոն էր, որ երբ ծանօթացանք, առաջին խօսքը եղաւ՝ «բայց դուն Արթինեան չես, Յարութիւնեա՛ն ես, ինչո՞ւ անունդ փոխեր ես»։ Իրա՞ւ։ Այսինքն՝ իրապէս տեղեա՞կ էր, որ մականունս կրճատում մըն էր, բայց ես չէի ըրած այդ կրճատումը, մեծ հօրս օրով էր եղած, երբ շրջան մը անգլիական բանակին մէջ աշխատեր էր Եգիպտոս, ու «Յարութիւնեանը» շա՜տ երկար էին գտեր… Ինչպէ՞ս այդքան ծանօթ էր անուանս պատմութեան։ Թերեւս կու գար հայաբնակ քաղաքէ մը, մտածեցի։ Տուպրովնիկէն էր, որ անուանի ու գեղատեսիլ ամառանոցային քաղաք մըն է։
Այս մնաց իբր յիշատակ այդ երկրորդ գրասենեակէն։ Յաջորդ գործս մրցոյթ մըն էր, Ունիփեկի թանգարանի մրցոյթը, եթէ չեմ սխալիր, որուն վրայ շատ տքնեցանք, եւ զոր չշահեցանք, սակայն, այդ պատճառաւ ալ դարձեալ ջուրը հատաւ, նաւակս ցամաք հասաւ։ Կ՚երեւի այդ գործին վրայ պիտի աշխատէի հակառակ պարագային։ Վերստին երկու շաբթուան, թերեւս արդէն օրինական ժամանակամիջոց մը տուին, որ ուրիշ գործ գտնեմ։ Կը յուսամ պէտք չ՚ըլլար դիմելու անգործութեան ապահովագրութեան…։ Յուսահատելու չէի։ Անգործ չէի մնացած մէկ օր իսկ, ահա արդէն տարիէ մը ի վեր։ Աստուած մեծ է, կը մտածէի, նորէն բան մը կը գտնեմ։ Այդ մասին՝ յաջորդ դրուագով։
Աւելցնեմ, սակայն, որ այս գրասենեակը երկար կեանք չունեցաւ։ Փոէր նաեւ համալսարանի դասախօս էր, կ՚ենթադրեմ այդպէս շարունակեց իր ասպարէզը, Պուրասա քաղաքպետութեան մօտ գործ գտաւ, ու առիթով մը դէմ-յանդիման գտնուեցանք, իսկ Կարոն աւելի ուշ եկեր, աշխատեր է այն գրասենեակը, ուր ես հիմա կը գործեմ արդէն շուրջ երեք տասնամեակէ ի վեր։ Ինք իմ այդտեղ մտնելէս առաջ արդէն մեկներ էր, դժգոհ՝ որ իրեն չէին առաջարկեր իբր գործատէր միանալու գրասենեակին։ Բայց այդ ալ արդէն ի՛մ պատմութեանս հետ կապ չունի…

ՈԳԻՆ՝ ՆԱԽ ՔԱՆ ՁԵՒԸ

1979 թուականն ենք։ Պետական պաշտօնեայ եմ, կ՚աշխատիմ շատ մեծ ծրագրի մը վրայ, որուն մասին խօսեցայ նախորդ գլուխներուն մէջ։ Եւ ահա կը հրաւիրուիմ Հայ կաթոլիկ համայնքին կողմէ՝ յօրինելու իրենց կեդրոնը՝ եկեղեցիով ու բազմաբնոյթ սրահով։
Մարտահրաւէրը մեծ է, ըսեմ, թէ ինչո՛ւ։
Առաջին՝ գործնական տեսակէտէ։ Պաշտօնը, զոր կը վարեմ արդէն, չեմ կրնար յանկարծակի ձգել ու այս գործը ստանձնել, անձնապէս ու առանձնաբար։ Այս հարցը դիւրի՛ն լուծուող խնդիր մըն է։ Կը կապուիմ նախկին աշխատած գրասենեակներէս մէկուն՝ Պլէ եւ Պելանժէին հետ, կը համաձայնիմ իրենց հետ, որ միասնաբար վերցնենք այս գործը։ Առանց տատանումի կը համաձայնին, մանաւանդ որ նման ծրագիր երբեք չէ եկած իրենց սեղանին վրայ։
Երկրորդ՝ հոգեկան, հոգեբանական տեսակէտէ։ Ի՞նչ առումով։ Բնական է, որ ինձմէ խնդրուածը, առաջին հերթին, հայկական ոճով շինութիւն մը ըլլար։ Եւ այստեղ է, որ հարցը կրնար կնճռոտիլ։ Հայկական ոճի հարցը զիս մեծապէս հետաքրքրած ու մտահոգած հարց է։ Տասը տարի առաջ անդրադարձած էի անոր՝ «Հայրենիք» եռամսեայի 1969-ի աշնան թիւին մէջ ստորագրելով խիստ յօդուած մը՝ «Եթէ հայկական ոճ կ՚ուզենք…» վերնագրով ու… «Ճարտարապետի մը ծոցատետրէն» վերտառութեամբ, առանց մտքէս անցընելու, թէ տարիներ ետք այդ վերտառութիւնը պիտի դառնար սոյն հատորիս ալ տիտղոսը։
Այն ատեն յստակ կեցուածք որդեգրած էի, որ յատուկ, ինքնուրոյն կեցուածք մը չէր, այլ ոեւէ պատասխանատու ճարտարապետի մօտեցում։ Այսինքն՝ համոզուած էի, որ կարելի չէ արտաքին ձեւերու որդեգրումով ազգային ոճ վերարտադրել։ Շէնքի մը ոճը կը բխի տարբեր ազդակներէ, առնչուած է ժամանակին, վայրին, գործածութեան, առկայ շինանիւթերուն ու կառռւցային միջոցներուն եւ այլն։ Այդ յօդուածիս մէջ մէջբերում մը կատարեր էի հայրենի ճարտարապետ Արծուին Գրիգորեանի մէկ յօդուածէն, հաւանաբար անկէ ալ ներշնչուելով գրեր էի իմը։ Ահա թէ ի՛նչ կ՚ըսէր ան. «Չէ՞ որ դժուարը, ասենք Հայաստանում ոչ թէ պարզապէս ժամանակակից ճարտարապետութիւն պատուաստելն է, այլ ժամանակակից հայկական ճարտարապետութիւն ստեղծելն ու զարգացնելը, ճարտարապետութիւն, որի մէջ ներդրուած լինեն ազգային ոչ թէ մերկ ձեւերը. այլ նախ եւ առաջ սկզբունքները» («Սովետական արուեստ», 1969 մայիս):
Տակաւին չէի կարդացած, անշուշտ, դանիացի ճարտարապետ Պեոռն Եորկընսընի տեսակէտը, որ իր հետ ունեցած հարցազրոյցիս մէջ կը յայտնէր տարինե՜ր ետք. «Կը կարծեմ, որ արդի հայ (հայաստանցի) ճարտարապետները տակաւին ձեր շէնքերու մեծութիւնը չեն յաջողիր տեսնելու ու կը ջանան ընդօրինակել երկրաչափական ձեւը եւ խաղալ անոր հետ՝ փոխանակ մեկնաբանելու լոյսը՝ տարածութեան մէջ։ Ուստի կը կորսնցնեն ՊԱՐԶՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԼՌՈՒԹԻՒՆԸ, որոնք հայ եկեղեցւոյ ճարտարապետական յատկանիշներն են» («ՊԱՐԶՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԼՌՈՒԹԻՒՆԸ» — Գիրք մը, հարցազրոյց մը, երեւոյթ մը…, Հորիզոն, տարեկան բացառիկ, 2012 դեկտեմբեր)։ Հայկական ճարտարապետութեան նուիրուած իր գրքի յառաջաբանին մէջ Եորկընսըն նաեւ կը նշէր. «Հայկական եկեղեցական ճարտարապետութեան զարգացումը հայերուն համար շարունակական որոնում մըն է եղած՝ ծիսակատարութիւնը ձեւաւորելու ճարտարապետական վիճակով մը։ Այսինքն, անոնք լոյսին մուտքը տարածութեան մէջ սահմանած են սղագրական եւ շատ ճշգրիտ ձեւով՝ քարի ճարտար գործածումին մէջ խտացած։ Հիմնականին մէջ միայն քարն է եւ լոյսը։ Երկիր ու երկինք…»։
Այս բոլորը ես պարտաւոր էի հասկցնել իմ յաճախորդներուս՝ շինութեան յանձնախումբի անդամներուն, որոնցմէ ոմանք արդէն շատոնց ծանօթ էին ինծի։ Ամենէն կարեւորը, սակայն, Եդուարդ Գորդիքեան վարդապետը՝ փեր Քիւրտին, համոզելն էր։ Եւ պէտք է խոստովանիլ, որ դժուար չեղաւ այդ, ի մեծ զարմանս իմ։ Կային անշուշտ պնդողներ, որ մեր հին եկեղեցիներէն մէկուն երեւոյթը ունենար մեր գծելիքը, սակայն բարեբախտաբար մեծամասնութիւնը շատ լաւ հասկցաւ ըսածս։ Ձայն բազմաց, ձայն Աստուծոյ…
Անցանք գործի։ Առաջին որոշումներէն մէկը, որ վերջին հաշուով շէնքին ամբողջ տեսքը վճռեց, ատեանին ձեւն էր։ Սխալ մը պիտի ըլլար տուեալ նեղ սահմաններուն մէջ եւ նոյնքան նեղ նիւթական միջոցներով որդեգրել խաչաձեւ ատեան մը, որ շատ եկեղեցիներու, եւ ոչ միայն հայկական եկեղեցիներու ձեւն է եղած, երբ դժուար էր լայն թռիչքով սրահներ շինելը։ Հիմա կարելի էր այդ ընել, ուստի բոլորակ մը, քառակիւն մը կամ քառակուսի մը շատ յարմար ու խնայողական պիտի ըլլար։ Ընտրուեցաւ քառակուսի մը, սակայն շեղանկիւնի ձեւով զետեղուած։ Այսինքն՝ մուտքը անկիւնակապին մէկ կողմը, խորանը՝ հանդիպակաց կողմը։ Այս ձեւով հաւատացեալը ո՛ւր որ ալ նստած ըլլայ, հեռու չէ խորանէն։
Երկրորդ որոշումը լոյսի աղբիւրին կը վերաբերէր։ Փոքր լուսամուտ մը խորանին վերեւ, իսկ ատեանին մուտքին վրայ բարձրադիր փոքր, վեղարաւոր գմթէթ մը, որ մեր դասական ճարտարապետութեան խորհրդանիշր կրնար հանդիսանալ, ամբողջապէս ապակեպատ թմբուկով մը, կը լուծէր ա՛յդ հարցը։
Երրորդ որոշումը երեսապատման շինանիւթերուն կ՚առնչուէր։ Շէնքը զետեղուած էր շրջապատի մը մէջ, ուր բնակարանային ամենէն տարածուած նիւթերը գործածուած են։ Պէտք է համարկուէր նորը հինին։ Գուցէ ոմանք կը մտածէին Հայաստանէն տուֆ քար ներածելու մասին, սակայն հաւանաբար այդ մասին չհամարձակեցան անգամ խօսք բանալ։ Պատերը պարզ աղիւս եղան, տանիքի ծածկը՝ ասֆալթ կաւարներ (ծածկեր)։ Նոյնիսկ ստիպուեցանք սկզբնական մեր գծագրութիւններուն մէջ օգտագործուած կարգ մը զարդանախշեր ալ ջնջել՝ յարգելու համար ամավարկը։ Սակայն հարազատ կը մնայինք հայկական ճարտարապետութեան սկզբունքներուն եւ ոգիին, որով կառոյցը անսեթեւեթ կ՚արտայայտուէր ու աւելորդ զարդեր չէին ծանրաբեռներ տեսքը։ Երիցատան նեղ ու ներսովի պատուհաններն ալ կապ մը եւս կը հանդիսանային մեր դասական կառոյցներուն հետ։
Խորանին գծագրութիւնը, մեր գիտցած հին եկեղեցիներուն նմանութեամբ, սիրայօժար ու վարպետօրէն պատրաստեց բազմավաստակ ճարտարապետ Փասգալ Փափուճեան։
Պէտք է ունենայինք նաեւ Մոնթրէալի արքեպիսկոպոսարանի վաւերացումը։ Զանոնք համոզելու մեր ճիգերն ալ տարբեր փորձառութիւն մըն էին, որոնք նոյնպէս յաջողութեամբ պսակուեցան ու շէնքը արժանացաւ անոնց ալ գնահատանքին։
Ինծի համար մեծ գոհունակութիւն հանդիսացաւ այս եկեղեցի-կեդրոնի իրականացումը։ Անոր յաջողութիւնը թող ուրիշներ դատեն, սակայն արդի մօտեցումով ու ժամանակակից միջոցներով հայկական եկեղեցի մը կերտելը իրապէս բացառիկ առիթ մըն էր այս ճարատարապետին համար։

Այս եւ հեղինակին «Ոստայն 4»-էն սկսեալ բոլոր հատորները կարելի է առցանց կարդալ Հայերէնblog կայքէջի «Գիրքեր» բաժնին մէջ

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *