Վարձքդ կատա՛ր, Էլիզա Չաքմաքչեան

Նկատի առնելով իր առողջական պայմանները, որոնք արգելք կը հանդիսանան, որ իր գործուն մասնակցութիւնը բերէ «Հորիզոն գրական»-ի աշխատանքներուն, վաստակաւոր ուսուցչուհի ու գրականագէտ տիկ. Էլիզա Չաքմաքչեան խնդրեց, որ իր անունը վերցուի խմբագրական կազմէս, որուն մաս կազմած է ան երկար տարիներէ ի վեր։ Ստիպողաբար կ՚ընդառաջենք իր խնդրանքին, առողջութիւն մաղթելով իրեն եւ յուսալով որ ան տակաւին երկար ժամանակ կարենայ շարունակել հետեւիլ մեր աշխատանքներուն ու նաեւ պարբերաբար մեզի հաղորդէ իր թելադրութիւնները։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *