ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒ — ՎԵՐԱՍԱՀՄԱՆՈՒՄԻ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԴՊՐՈՑ*

ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ

Ֆրանսայի մէջ հայերէնի դասաւանդութեան բազմամեայ փորձառութիւնս կը ստիպէ, յաճախ ստիպած է աւանդաբար փոխանցուող ամրագրուած տեսակէտները վերաքննութեան ենթարկելու, եթէ պէտք է՝ վերասահմանելու փորձին մէջ մտնելու եւ արդի պայմաններուն համապատասխանեցնել ջանալու։ Աշակերտին մէկ անմեղ հարցումը կրնայ անճրկեցնել ուսուցիչը եւ ստիպել, որ ան հասկնայ, թէ հինցած բանալիներով պիտի չբացուին նոր դռները։
Այս համածիրին մէջ է, որ կը քննարկեմ «հայերէնը մայրենի լեզու» հասկացութեան վերասահմանումի անհրաժեշտութիւնը։
Մայրենի բառը կը նշանակէ մօրը յատուկ, մօրը պատկանող, մօրմէն եկած։
Սակայն Մայրենի լեզու եզրին իմաստը բառարաններուն մէջ կը տրուի նրբերանքներով։ Ահաւասիկ քանի մը օրինակ հայ բառարանագիրներէ, որոնց յաճախ կը դիմէ հայ հանրութիւնը.
Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան (Հայոց լեզուի նոր բառարան) մայրենի լեզուն կը բացատրէ իբրեւ մօրմէն սորված լեզու, որով սովորաբար կը խօսի մարդ արարածը։
Էդուարդ Աղայեան (Արդի հայերէնի բացատրական բառարան) զայն կը բացատրէ իբրեւ այն լեզուն, որով մարդ կը խօսի մանկութենէն ի վեր ու փակագիծին մէջ կ՚աւելցնէ՝ «սովորաբար այն ազգի լեզուն, որին պատկանում է մարդ»։
ժամանակակից հայոց լեզուի բացատրական բառարանն ու Ստեփան Մալխասեանց (Հայերէն բացատրական բառարան) կը սահմանեն սապէս. բնիկ՝ ազգային լեզու։ Բայց Մալխասեանց կը մանրամասնէ փակագիծի մէջ յաւելելով՝ «իսկապէս՝ այն լեզուն որ երեխան առաջին անգամ լսում ու սովորում է իւր մօրից»։ Եզրին համար անոր տուած օրինակներէն մէկը կը գտնեմ ուշագրաւ. «շատ հայեր իրենց մայրենի լեզուն չգիտեն»։
Գալով մայր բառին, բազմաթիւ հոմանիշներու կարգին կան հետեւեալները.
—պատճառ, սկիզբ, աղբիւր. սնուցման, զարգացման օրրան (Տէր Խաչատուրեան).
—փոխաբերական իմաստով՝ որեւէ բանի հայրենիք, որեւէ բանի առաջացման՝ ծագման, զարգացման օրրան (Աղայեան).
—երկիր ուր բան մը առաջ եկած է, սկսած է (Մալխասեանց եւ Ժամանակակից հայոց լեզուի բացատրական բառարան)։
Կը գործածուի նաեւ ածականաբար. մայր երկիր, մայր հող եւ այլն։ Մալխասեանցի օրինակներէն մէկն է՝ Մայր Հայաստան. «Հայաստան՝ իբրեւ բնիկ հայրենիք բոլոր հայերի»։
Մայր բառը, ուրեմն՝ բուն, սկիզբ, ծնունդ տուող իմաստով կը յատկանշէ նաեւ երեւոյթի մը ծննդեան ու զարգացման վայրը, երկիրը, ուր ծնունդ առած է ու ապրած է ժողովուրդ մը եւ ուր ձեւաւորուած է անոր յատուկ լեզուն իբրեւ հաւաքական ստեղծագործութիւն։ Այստեղ մայրը բնօրրանն է, ուր կազմաւորուած լեզուն կը կոչուի մայրենի։
Մայրութեան ու հողի երեւոյթներու միաձուլում կը գտնենք Անահիտ դիցուհիի պաշտամունքին մէջ. Դիցուհին կը խորհրդանշէր թէ՛ մայրութիւնը (ծննդաբերութիւն, զաւակներու պաշտպան), թէ՛ հողը (պտղաբերութիւն), երկուքն ալ աղբիւր կեանքի եւ սնունդի։
Մայրենի լեզու հասկացութիւնը կը տեսնենք, որ առնչուած է մայրութեան գաղափարին, որ պատմութեան թաւալքով իր մարմնաւորումը ստացաւ մօր անձին մէջ, ամփոփելով այն միտքը, որ մայրենի լեզուն մօրմէն փոխանցուած լեզուն է։ Իբրեւ այսպիսին, այն յաճախ նոյնացաւ առաջին լեզուի կամ բնածին (native) լեզուի հետ։ Մենք այստեղ կեդրոնացած ենք հայերէնին վրայ, սակայն նշենք, որ տարբեր մշակոյթներու մէջ եւս մայրենի լեզուն կը մեկնաբանուի նոյնպէս։
ԺԹ. դարուն, հայ լուսաւորեալ մտաւորականութիւնը լծուած ըլլալով ազգային արժէքներ լոյսին հանելու երախտառատ գործին, ընկերութեան մէջ կնոջ դերի կարեւորութիւնը հռչակեց։ Հայ կնոջ կրթութիւնը դարձաւ կենսական ու ընտանիքին մէջ մօրը վստահուեցաւ զաւակ դաստիարակելու կարեւորագոյն առաքելութիւնը, ընդ որում՝ «ազգային» լեզուի փոխանցումը զաւակներուն։ Սոյն թուականներու հայ մտքի ջահակիրներէն Միքայէլ Նալբանդեան երբ կ՚արծարծէր ընտանեկան դաստիարակութեան հարցը, բազմիցս կը շեշտէր մօր դերը եւ խօսքը ուղղելով հայ կանանց կը գրէր. «Մայրը պիտի ուսուցանէ իւր զաւակներին ազգային լեզուն, մայրը պիտի տնկէ տղայական սրտերի մէջ ազգութեան սերմը», ապա, «…շատ շնորհակալ կը լինինք, եթէ դուք ձեր հայկական իստակ կաթի հետ տաք ձեր զաւակներին նախ, մեր լեզուն, երկրորդ …» (Յիշատակարան Կոմս Էմմանուէլի, 1860)։
Հայ կինը մեծարող, բայց միեւնոյն ժամանակ խիստ պատասխանատւութեան ենթարկող այս միտքը իր արձագանգը ունեցաւ հետագայ սերունդներուն վրայ ու երկար ժամանակ փայփայուեցաւ հայ ընկերային կեանքին, հրապարակագրութեան ու գրականութեան մէջ։ Կրթական գործունէութեան նուիրուած Տիրուհի Ազարեան-Միսաքեանի (1891-1964) մասին, օրինակ, հետեւեալը կը կարդանք. «Նուիրուիլ կ՚ուզէր գաւառի հայուհիի կրթութեան։ … համոզուած՝ որ տղու մը ուսումը կը ծառայէ իր անձին, բայց աղջկան ուսումը՝ ընտանիքի դաստիարակութեան» (Հայ կնոջ դերը հայ յեղափոխական շարժման մէջ, Սոնա Զէյթլեան,1968)։ Ի. դարու բանաստեղծ Գեղամ Սարեան (1902-1976) «Մայրերին» խորագրուած բանաստեղծութիւնը կը սկսի «Մայրերն են պահել մեր հայոց լեզուն, մեր մանուկներին տուել կաթի հետ» խօսքերով։
Ներկայիս սակայն, սփիւռքի մէջ մայրենի լեզուի մասին այս ըմբռնումը այլեւս վաւերական չէ։ Եթէ եղած էր ատենին, այսօր չէ այլեւս գոնէ արեւմտեան սփիւռքի մէջ։ Այսօր կան մայրեր, արիւնով հայ, իրենք զիրենք հայ դաւանող, որոնք չեն խօսիր հայերէն՝ այսինքն իրենց ազգին լեզուն, զոր կը դաւանին մայրենի լեզու։ Չեն գիտեր, չեն սորված, կամ չեն կիրարկեր սովորաբար, ի գործ չեն դներ բնականաբար։ Վերը տրուած օրինակներուն եւ յորդորներուն լոյսին տակ կը հասկնանք, որ ազգային զարթօնքի դարուն, մայրենի լեզուն մատչելի դարձնելու համար հասարակութեան (ուրեմն՝ չէր) ի գործ դրուեցաւ մտաւորական, գիտական, կազմակերպչական գիտակից աշխատանք։
Հետեւաբար, այսօր աւելի քան երբեւէ անհրաժեշտ է տարբերակել մայրենի լեզուն, որ կրնայ ըլլալ առաջին լեզու կամ ոչ (այն լեզուն որմով խօսիլ սկսած է մարդը) եւ կիրարկուող լեզուն, այսինքն՝ բնազդաբար արտաբերուող լեզուն։
Խառն ամուսնութիւններու երկլեզու զաւակներուն համար, ո՞րն է մայրենի լեզուն։ Թէ՛ հօրը եւ թէ՛ մօրը մայրենի լեզուն կը փոխանցուի զաւակին իբրեւ այդպիսին։ Ուրեմն, կարելի է ունենալ մէկէ աւելի մայրենի լեզուներ, գործածական ըլլան անոնք, կամ ոչ։ Իսկ եթէ հայ ծնողներէն երկուքն ալ չեն գիտեր հայերէն, ուրեմն անոնցմէ ծնած հայ մանուկին մայրենին հայերէնը չէ՞։
Եթէ մայրենի լեզուն նկատենք լեզուն այն ազգին, որուն պատկանելիութիւնը կը դաւանի անձը (ընդունիլը նախապայման է), ուրեմն սփիւռքի մէջ մայրենի լեզուն կը գտնուի դիրքի մը մէջ, ուր ան կը շարունակէ ապրիլ, նոյնիսկ իր բնօրրանէն կտրուած, բայց ա՛յն առնչութեան համեմատ, որ իրմով խօսող-մտածող-ստեղծագործողը կ՚ունենայ մայր հողին, այսինքն օրրանին հետ իբրեւ արժէք, իբրեւ մշակութային հարստութիւն, եւ այս՝ գաղափարական կամ գործնական առումով։
Այս առնչութիւնը գիտակցութեան հարց մը մէջտեղ կը բերէ։ Ընտրութեան ազատութիւն մը կու տայ մարդուն, գործածելու, փոխանցելու, սորվելու եւ սորվեցնելու։ Անհատական կեցուածք մը կ՚ենթադրէ, անհատական գիտակցութիւն։ Այստեղ բացակայ է լեզուական բնական միջավայրի մէջ մարդուն եւ լեզուին միջեւ ստեղծուող տարերային յարաբերութիւնը։ Հաւաքական գիտակցութեան, որուն կը համապատասխանէ բնականութիւնը, կը փոխարինէ անհատական գիտակցութիւնը, որուն կը համապատասխանէ ընտրութիւնը։ Մտածուած, գիտակցուած եւ ընտրուած է մայրենի լեզուին հետ յարաբերութիւնը պահելը՝ եթէ կայ այդ, եւ սկսիլը՝ եթէ կը փափաքի կամ անհրաժեշտութիւնը կը զգայ անձը։ Ըստ այնմ, կը ճշդուի այդ լեզուին հետ մտերմութեան մէջ մտնելու աշխատանքի ուղղութիւնը։
Միջին Արեւելքի մէջ ձեւով մը կարելի եղաւ բնօրրանը փոխարինող միջավայր ստեղծել ու լեզուն ապրեցնել, նոյնիսկ զարգացնել։ Սակայն արեւմտեան սփիւռքի մէջ, այդ երկուքին բնական առնչութիւնը անհետացած ըլլալով, մայրենի լեզուն ապրելու եւ ապրեցնելու համար բնականը նմանակող նոր ձեւեր փնտռելու է։ Ինչպէս ձեւաւորած է Աճառեան, արտաքին լեզուն ներքին լեզուի վերածել։
Իրենք զիրենք հայ որակող, ազգային հայ պատկանելիութիւնը եւ հայերէնը մայրենի լեզու դաւանող գիտակցութեամբ մարդիկ են, որոնք արեւմուտքի մէջ, իմ պարագայիս՝ Ֆրանսայի, հայերէնի շուրջ գործունէութիւններ կը տանին։ Եթէ երիտասարդ են, զանազան ձեւերով կ՚աշխատին տիրապետելու իրենց մայրենիին եւ երիտասարդական մօտեցումով անոր շուրջ հետաքրքրութիւն կը տարածեն, կ՚օգտուին արդի ճարտարարուեստի կարելիութիւններէն եւ կարգ մը հաստատութիւններու նիւթական աջակցութենէն։ Եթէ ծնողք են, հայկական վարժարան կ՚ուղարկեն իրենց զաւակները։
Հայերէնը քիչ թէ շատ իւրացուցած փոքրաթիւ ընտրանին մէկ կողմ դրած, այսօր, ֆրանսածին կամ փոքր հասակին Ֆրանսա եկած հայ սերունդը չի տիրապետեր հայերէնին, բայց ջախջախիչ մեծամասնութեամբ կը դաւանի զայն մայրենի լեզու։ Ա՛յս դասակարգն է, որ հայկական դպրոցի ճամբան կը բռնէ։ Փոքր չէ թիւը այն ծնողներուն, որոնք չեն տիրապետեր մայրենիին, կամ բնաւ չեն սորված, բայց իրենց զաւակներուն համար արդար ակնկալութիւններ ունին դպրոցէն։ Խօսքս ամենօրեայ վարժարանի մասին է։ Ուսուցիչէն կ՚ակնկալուի մայրենին աշակերտին համար կենդանացնելու, բնական ու առօրեայ դարձնելու ձեւեր գտնել, «արտաքին լեզուն ներքին լեզուի վերածել» ջանալ։
Դասարանին մէջ, գիտենք, կը տրուին գործիքներ միայն, բանալիներ։ Բայց, հո՜ն կարելի է տալ նաեւ ամենակարեւորը՝ հետաքրքրութիւն եւ կիրք։
Ես մէկ ձեւ ունիմ, մէկ ուղղութիւն. հայերէնով մտածումի մղել աշակերտը, քաջալերել ունենալու անհատական կարծիք, զայն պաշտպանելու հայերէնով։ Մէկ խօսքով՝ ազատ մտածումի եւ ստեղծագործութեան հարթակ դարձնելու մայրենին, կաշկանդումներէ ազատ։ Զրոյցներ, խորհրդածութիւններ, վիճարկումներ, խաղեր, մեկնաբանութիւններ, տեսերիզներու պատրաստութիւն եւ ասոնց բանաւոր, գրաւոր, գծաւոր, ձայնաւոր ամրապնդումը հայերէնով։ Այս նպատակով կեանքի կոչած եմ կայքէջ մը, ԾԻԾԵՌՆԱԿ, www.dzidzernag.wordpress.com , ուր ազատօրէն կ՚արտայայտուին հայ պատանիներն ու անոր շուրջ հաւաքուած երիտասարդական խումբ մը։
Լեզուն ընկալելու համար որդեգրուած այս մօտեցումը կ՚ենթադրէ պատանին ու երիտասարդը մղել փնտռտուք կատարելու։ Ահա հոս կը յայտնուի մերօրեայ խնդիրներու կուտակումը։
Սփիւռքահայ աւանդական դպրոցներու առաքելութիւնը արեւմտահայերէնի փոխանցումն է, աւանդական ուղղագրութեան սկզբունքով։ Իսկ համացանցի մէջ, որ աշակերտին առաջին գործիքն է, արեւմտահայերէնով եւ դասական ուղղագրութեամբ աղբիւրները հազուագիւտ են։ Այնտեղ չկայ երկճիւղ հայերէնի լեզուական հաւասարակշռութիւն։ Այս տեսակէտով, ուսուցիչին պարտականութիւնը՝ գործնական եւ մանաւանդ հոգեբանական առումով տասնապատիկ կը ծանրանայ։ Այո, արեւմտահայերէնով որոնումի գործիքները անհամեմատ պակաս են ու վատորակ։
Բայց եւ այնպէս, ընդգծենք իրականութիւն մը. լեզուական մեր երկու ճիւղերու յառաջացումէն ի վեր, վերջին տասնամեակներուն, յատկապէս արեւմտեան գաղութներու մէջ է, որ անոնք կը կենակցին։ Մեր դպրոցներու մէջ արեւելահայ աշակերտութեան թիւը երթալով կ՚աւելնայ։ Այս երեւոյթին դժբախտ պատճառները եթէ կան, կայ նաեւ բարեբախտ պատեհութիւնը լեզուական հեռանկարներ զարգացնելու, գիտակից մարտավարութեամբ։ Ամէն գնով պահել լեզուին կենսունակութիւնը. ան կը ճշդէ իր բռնելիք ճամբան։
Այս տեսակէտով արեւմտահայերէնի շուրջ մանաւանդ երիտասարդներու արթնութիւնը իբրեւ մեկնակէտ շատ խանդավառիչ է։

Փարիզ, 5 մարտ 2022

*) Այս գրութիւնը վերամշակուած տարբերակն է Մայրենի լեզուի օրուան առթիւ Հայաստանի Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի կաճառի եւ Գաւառի պետական համալսարանի կողմէ կազմակերպուած առցանց գիտաժողովին (21 փետրուար 2022) հեղինակին կողմէ ներկայացուած նիւթին։

4 Replies to “ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒ — ՎԵՐԱՍԱՀՄԱՆՈՒՄԻ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԴՊՐՈՑ*”

  1. “Ամէն գնով պահել լեզուին կենսունակութիւնը..”
    Ես կը հաւատամ այս իրապաշտ մօտեցման, լեզուն մահուընէ փրկելու
    Սփիւռքի մէջ։
    Շնորհակալութիւն սիրելի Նորա։

  2. Տիկին Նորային երկար տարիներու դասաւանդութեան եւ նուիրումին շնորհիւ , ահաւասիկ ձեռք բերած կոնկրետ փորձառութիւն եւ յաջող վերլուծում: Երանի թէ “մայրենիով ազգին “հայրերն” ալ քիչ մը մտահոգուին․․․

    Յաջողութիւն եւ երկար կեանք “Ծիծեռնակ” ին:

  3. Ցավոտ հարց է Նորա բարձրացրածդ։ Արևելահայերեն կգրեմ, ներող եղիր։ Բախտը ժպտացել է ձեզ ունենալու ամենօրյա հայկական դպրոց։ ԱՄՆ արևելյան ափին հայկական դպրոցները միայն կիրակնօրյա են, այն էլ խառը ուսուցումով, պարզ չէ ուսուցանվողը արևելահայերեն է, թե՞ արևմտահայերեն։ Փորձում են տարբեր դասարաններ ապահովել, բայց արդյունքը շատ խղճուկ է։ Մերինների հետ համավարակի ընթացքում մեր լեզուն հայերենն էր, բայց դպրոցները բացվեցին ու ամեն բան ետընթաց գնաց։ Մենք հայերեն կխոսենք, անգլերեն պատասխան կստանանք։ Ցավ է անշուշտ, ու պիտի աշխատինք տանը մեր ներկայությամբ այդ բացը ծածկել, եթե կարենանք։ Մեզ և ձեզ հաջողություն։

Leave a Reply to Փանոս ճերանեան Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *