1909 ԱՏԱՆԱՅԻ ԱՐՀԱՒԻՐՔԸ՝ 21-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ՈՍՊՆԵԱԿՈՎ

Ս.Ա.Յ.

Լոյս տեսած է Դոկտ. Պետրոս Տէր Մաթոսեանի Ատանայի կոտորածին մասին գրած գիտաշխատութիւնը The Horrors of Adana: Revolution and Violence in the Early 20th Century, նուիրուած ապրիլ 14-17 եւ ապրիլ 25-27 1909-ին Ատանայի նահանգին մէջ տեղի ունեցած աղիտալի սպանդին։
Հատորը շարունակութիւնն է հեղինակին նախորդ պատմագրական ուսումնասիրութեան՝ Shattered Dreams of Revolution: From Liberty to Violence in the Late Ottoman Empire։ Երկու հատորներն ալ լոյս տեսած են Սթանֆորտ համալսարանի հրատարակչատունէն (Stanford University Press)։
1908-ի Օսմանեան Սահմանադրական յեղախոխութեան տուած հաւասարութեան իրաւունքներու յոյսերը խորտակած 1909-ի Ատանայի կոտարածը հայութեան յիշողութեան մէջ վառ կը մնայ Զապէլ Եսայեանի «Աւերակներու մէջ» յուզիչ գիրքով, «Կոտորածն անգութ» երգով ու բազմաթիւ այլ պատումներով։ Սակայն պատմագիտական աշխարհը բնաւ անոր մասին չի յիշեր երբ սպանդի ու վայրագութեան մասին ուսումնասիրական աշխատանքներ կը տարուին։ Առ այդ պատմաբան Տէր Մաթոսեան հարկ զգացած է իր ուսումնասիրութիւններով Ատանայի արհաւիրքը ներկայի գիտական աշխատանքներու ծիրէն ներս ներմուծել։
«Ատանայի արհաւիրք»ը հատորին համար Տէր Մաթոսեան վերանայած է 1909-ի տարբեր աղբիւրներ, բազմաթիւ լեզուներով հրատարակուած մամուլի թղթակցութիւններ, Օսմանեան կայսրութեան արխիւներ, ականատեսի վկայութիւններ, հարցազրոյցներ, հրատարակուած այլ ուսումնասիրութիւններ։
Հատորը կը սկսի 2019-ի 19 սեպտեմբերի Ատանայի շրջանի մէջ պատահած դէպքի մը զեկոյցով, ուր սուտ զրպարտութեան զոհ գացած էին հոն ապաստան գտած սոււրիացիներն ու իրենց խանութները եւ հաստատութիւնները։ Նման բանսարկութեան եւ սուտերու հետեւանքով, ատելութեան, ընկերային, տնտեսական, քաղաքական, զգացական թէ այլ ազդակներէ մղուած բազմաթիւ նման դէպքեր կան եւ Տէր Մաթոսեան բաղդատական քննարկութեամբ այդպիսի դէպքեր ընթերցողին ուշադրութեան կը յանձնէ իր Ատանայի կոտորածի վերաուսումնասիրութեան ընթացքին։
Հատորի ութ գլուխներուն ընդմէջէն Տէր Մաթոսեան կը ներկայացնէ Ատանան 19-րդ դարուն, համիտեան արիւնահեղ շրջանը, յետ 1908-ի կասկածամտութեամբ լի Ատանան, սուտ լուրերու տարածումը թէ հայերը կը ծրագրեն վերակերտել իրենց երբեմնի Կիլիկիոյ թագաւորութիւնը, սուտ տարաձայնութիւնը թէ հայերը ապստամբութիւն կը կազմակերպեն, երկու հանգրուանով կատարուած սպանդը՝ 14-17 ապրիլ 1909-ին եւ 25-27 ապրիլին՝ դարձեալ սուտ լուրերու հետեւանքով։ Ապա Տէր Մաթոսեան կը կեդրոնանայ բարեսիրական օգնութեան եւ դատավարութեան վրայ, բացայայտելով անարդարութիւնները՝ ուր անմեղ զոհերը յանցագործներուն հետ դատապարտուեցան եւ ուր յանցագործները անպարտ արձակուեցան։ Տէր Մաթոսեանի այս աշխատութենէն ի յայտ կուգայ նաեւ արեւմտեան աշխարհի ի նպաստ թուրքերու եւ յատկապէս Երիտասարդ Թուրքերու կազմակերպութեան հանդէպ բարենպաստ դիրքաւորումը։
Հատորի վերջաբանը կը սկսի Զապէլ Եսայեանի «Աւերակներուն մէջ» հատորէն անգլերէնի թարգմանուած մէջբերումով մը.
«Վեհանձն ու շլացուցիչ արեւին տակ կը տարածուի քանդուած քաղաքը` անծայրածիր գերեզմանի մը պէս.աւերա՜կ ամեն կողմ…: Բան մը չէ խնայուած, բոլոր եկեղեցիները, բոլոր դպրոցներն ու բոլոր բնակարանները անձեւ ու խանձուած քարի կոյտերու վերածուած են՝ որոնց մէջէն ասդին անդին շէնքերու կմախքները կը ցցուին: Արեւելքէն մինչեւ արեւմուտք ու հիւսիսէն մինչեւ հարաւ, մինչեւ հեռաւոր սահմանները թուրք թաղերուն, աններող եւ դաժան ատելութիւնը հրդեհեր ու փճացուցեր է ամեն բան: Ու այս մեռելային ամայութեան, այս ընդարձակածաւալ մոխրակոյտերու մէջէն երկու մինարէներ անեղծ մնացած` կը կանգնին խրոխտութեամբ»:
Հատորը նուիրուած է հեղինակի դուստրերուն, յուսալով թէ անոնք ատելութիւն պիտի չտեսնեն։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *