ԿՌՈՒՆԿԸ

ԶԱՐԵՀ ՍԱՓՍԸԶԵԱՆ

Կռունկ, գնա՜, հայոց դաշտի
Ծաղիկը տար պանդուխտներին.
Արարատի ձիւն տար թեւիդ,
Ջուր Սեւանայ՝ պանդուխտներին.
Մեր նոր երկրի երգերն ուրախ,
Մեր նոր կեանքի լոյսերը վառ,
Մի բուռ հող տար, ոտքիդ կպած,
Մեր տարագիր պանդուխտներին։

Գնա՜, կռունկ, երկրէ երկիր ու ետ դարձիր,
— բարով դառնաս,
Բեր մեր հայոց պանդուխտներին, ու ետ դարձիր,
— բարով դառնաս.
Դարձիր այնպէս, որ ոչ մի տեղ ոչ մի պանդուխտ
քեզ չսպասի,
«Ղարիբ կռունկ» էլ քեզ չասի ու չլացի
— Բարով դառնաս…

Կռունկ, տեսար անապատում,
Նոր ջրանցքի հուն են հարթում,
Վարդ է բացուել քարի վրայ,
Քարը կրկին դարձել է տուն,
Եւ նախանձից Մասիսն անգամ,
Թեքուել է, որ Արազն անցնի,
Ամեն տնից ելնում ծուխ,
Ամեն մի հաւք դարձել է բոյն։

Գնա՜, կռունկ…
ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ/ԱԼԵՔՍԷՅ ՀԵՔԻՄԵԱՆ

Երբ Գէորգ Էմին սոյն տողերը գրեց տասնամեակներ առաջ եւ երբ կռունկը որպէս երգ հասաւ սփիւռք, բանաստեղծին պատգամն ու իղձը փոխանցուեցան պանդուխտ հայուն։ Արմէն, որ Հալէպէն Պէյրութ՝ ապա Լոս Անճելըս գաւառի Փասատինա շրջանը հաստատուելով դարձեր էր տիպար պանդուխտ սփիւռքահայ, պահեց կռունկը սրտին շատ մօտ։ Տասնամեակներ գուրգուրաց իր հոգւոյն կռունկին վրայ ու անով փայփայեց ու շոյեց իր երազը ու սնուցանեց յոյսեր՝ օր մը հաստատուելու հոն, ինքն ու իր կռունկը, եւ անձամբ տեսնելու հայոց դաշտի ծաղիկները, Սեւանայ ջուրը եւ սեփական ականջներով լսելու «մեր նոր երկրի երգերն ուրախ» սեփական աչքերով տեսնելու «մեր նոր կեանքի լոյսերը վառ»։
Հիմա ժամանակն էր։ Երկար տարիներու տքնաջան աշխատանքէ ետք, հիմա որ փեսան ալ հետաքրքրութիւն ցոյց տուած էր յանձն առնելու իր հաստատութիւնը, կրնային հանգիստ մտքով ու կոկիկ գումարով մը, ինք ու իր կռունկը, երթալ հաստատուիլ հայրենիք։ Բայց սփիւռքահայու իր նկարագիրը զինք կասկածամիտ եւ ամեն ինչ կրկին ստուգելու հետամուտ դարձուցած ըլլալով, մղեց զինք դիմելու կռունկին, որ անգամ մը եւս երթայ հայրենիք եւ կրկին ստուգէ թէ Էմինի խօսքերը տակաւին ի զօրո՞ւ են։
Կռունկ նախ զարմացաւ ու չհաւատաց լսածին, ապա՝ քիչ մը ամփոփուելէ ետք, սիրով ընդառաջեց մարտահրաւէրին, քաջ գիտնալով թէ մօտ ատենէն ինք պիտի վերադառնայ աւելի համոզիչ, հաստատակամ, վստահ եւ յաղթական։ Եւ Արմէն ու բոլոր արմէնները սփիւռքի պիտի ընեն իրենց վերջին գաղթը՝ ներգաղթը դէպի հայրենիք։
Յուլիսի վերջերուն էր երբ Կռունկ, լայն բանալով իր լայն թեւերը՝ նախ հեզասահ, ապա ուժգին սաւառնեցաւ։ Անցաւ ովկիանոսներ ու ծովեր, անտեսելով մեծ քաղաքներն ու ոստանները արեւմուտքի։ Երեկոյան մթնշաղ էր երբ հասաւ Երեւան, եւ ուղղակի թառեցաւ իրեն շատ սիրելի «Մայր Հայաստան» յուշարձանի կատարին, հանգչելու ու կրկին վայելելու Երեւանի համայնապատկերը։ Առաջին բանը որ նկատեց, Երեւանի երկնակամարին բարձրացող կռունկներն էին, երկաթեայ կռունկները եւ անոնց ընկերացող շինարարութիւնը՝ որոնք մեծ հրճուանք պատճառեցին Կռունկին։ Դարերու ընթացքին, իր թռչնազգի ցեղակիցները կը խորհրդանշէին պանդուխտ հայուն վիշտը, ցաւն ու կարօտը. կարօտը հայրենի։ Իսկ այս երկաթեայ կռունկները՝ տունդարձն ու հայուն վճռակամութիւնը օտար երդիքներ ծաղկեցնելու փոխարէն ի՛ր հողը շէնցնելու ու իր ապագան հայրենիքի իրականութեան սոսնձելու հաստատակամութիւնը։
Քիչ ետք նկատեց փողոցներն ու հոն խայտացող կեանքը։ Ճաշարաններ, բացօթեայ սրճարաններ, շատ սուղնոց ինքնաշարժներ, ճոխութիւն, եռուզեռ ու երիտասարդութիւն. վերջին նորաձեւութեան գոյնզգոյն մակնիշներով զարդարուած, սլաձիկ ու գեղեցիկ պարմանուհիներ, որոնք տարբեր հրապոյր կու տային Երեւանի արդէն իսկ հրապուրիչ կեդրոնին։ Աստուած իմ, այս որքան փոխուած է Երեւանը։ Սովետի անհրապոյր եւ մռայլ օրերէն՝ կեանքի շքեղութեան այսպիսի մագլցու՞մ։ Անհաւատալի եւ նոյն ատեն շատ հաճելի։ Չափազանց ուրախ էր կռունկ։
Յաջորդ առտու սկսաւ թափառիլ Երեւանի կեդրոնէն հեռու, ուր համեմատական շքեղութիւնն ալ չքացաւ։ Նկատեց յուսահատ նայուածքները մարդոց, որ ժամանակին երբեք չէր տեսած։ Շռայլ հարստութեան կողքին, չքաւորութեան սարդոստայնին մէջ տուայտող ու հակառակ ամեն ճիգի անկէ չկարենալ ձերբազատուող ընտանիքներուն թիւը ճնշիչ էր։ Տեսաւ պատանիներ, որոնք վերջին նորաձեւութանմբ եւ ամենէն սուղ մակնիշներով հագուած էին ու անդին, տեսաւ այլ պատանիներ որոնք իրենց մաշած հագուստին ու պատռտած կօշիկին պատճառով կ՚ամչնային նոյնիսկ դպրոց յաճախելու։ Տեսաւ ունեւոր ընտանիքներ, որոնք շքեղ ճաշարաններէ ներս իրենց ուտելիք ճաշերուն քառապատիկը ապսպրելով, զեխութեան, մսխումի եւ չտեսութեան նոր մրցանիշներ կը հաստատէին։ Եւ տեսաւ հացի կարօտ ընտանիքներ, որոնք ճարահատ իրենց զաւակները դպրոցէն զրկելով մուրացկանութեան կամ փողոցային առուծախի կը ղրկէին։ Տեսաւ այրեր, որոնք իրենք զիրենք ամեն օրէնքէ վեր նկատելով, հայրենիքը դարձուցած էին իրենց քմահաճոյքին ու փառամոլութեան խաղավայր։ Եւ տեսաւ ուրիշներ, որոնք ատենին ունէին մեծ սէր հայրենիքի եւ հպարտութիւն՝ իրենց չարքաշ ձեռքերով ու քրտինքով շէնցնելու զայն. որոնք իրենց գոյութիւնն ու ապագայի երազները կապած էին հայրենի դաշտերուն, գիւղերուն ու երկրի բարգաւաճումին, սակայն այժմ իրենց հայեացքները յառած հեռուն, կ՚երազէին օտար ափեր, կառուցելու իրենց եւ զաւակներուն ապագան ու երջանկութիւնը։
Այո «ամեն տնից ելնում է ծուխ», բայց օճախէն աւելի հայ հօր ու մօր սիրտերն են որ կը մխան, ի տես իրենց կոտտացող չքաւորութեան ու անկարողութեան։ Տեսաւ հայ զբօսաշրջիկներ, որոնք փոխանակ յագեցում տալու իրենց հայրենաբաղձութեան, Երեւանը վերածած են հայ պարմանուհիներուն հետ իրենց հասուն տարիքի կիրքերու մարող նշոյլներուն յագեցման զբօսարան։ Մտաւորականներ ու գրողներ, որոնք ժամանակին խօսք ունէին, համոզում եւ հայրենիքի հաւատքով պաճուճուած, զանգուածները իրենց պատմական հողերուն տիրանալու տենչանքով խթանելու շունչ ու հոգի, այժմ դարձած էին անշունչ ու անհոգի պնակալէզներ։ Եւ քաղաքագէտներ ու Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, որոնց միակ ուղեգիծը իրենց սուղնոց բաճկոններուն վրայի ուղիղ գիծերն են, եւ պետական ու պատգամաւորական աթոռներուն բազմելու տենչանքը ոչ թէ ազգին ծառայելու մարմաջէն կը բխէր, այլ իրենց անյագուրդ գրպանները լեցնելու համար էր։
Խառնափնթոր հոգեվիճակի մատնուած էր Կռունկ։ Մօտ օրէն ինք կրկին պիտի վերադառնար Փասատինա. այս բոլորը ինչպէ՞ս բացատրէր Արմէնին, որ անհամբեր իրեն կը սպասէր։ Յստակ կը տեսնէր Արմէնին յուսալքութիւնն ու զայրոյթը։ Բայց Կռունկ վստահ էր թէ կրնար համոզել Արմէնը, ամոքել անոր հոգին բացատրելով, թէ հայրենիքը միայն տասնութամեայ նորանկախ երկիր է ու այս բոլորը բնական՝ որեւէ նոր երկրի մը եւ ժամանակին հետ դարմանելի։ Կենսականը՝ Արմէնները քաջութիւնը ունենային դիմագրաւելու ներկայ իրականութիւնն ու հեռատեսութիւնը մաս կազմելու հայրենիքին բարգաւաճումին եւ բնականոնացման ընթացքին։
Այսպիսի մտատանջ վիճակի մէջ էր, երբ Սեպտեմբեր մէկին, դարձեալ նստած «Մայր Հայաստան»ի կատարին, կը դիտէր Երեւանն ու իր բնակիչները։ Տարօրինակ երեւոյթ մը կար։ Աւելի լաւ դիտեց ժողովուրդին դէմքերը. մաս մը ուրախ, իսկ մնացեալը շուարած ու հարցական իրարու կը փսփսային, ճիշդ սովետի օրերուն նման։ Պրպտեց եւ ափսոսանքով իմացաւ թէ օր մը առաջ, Հայաստանի ու Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները ստորագրած են համաձայնագիր մը սահմաններու բացման։ Բայց։ Մեծ բայց մը սակայն։ Փոխարէն՝ Հայաստանի կառավարութիւնը համամիտ կը գտնուէր յանձնախումբի մը կազմութեան, որ պիտի զբաղէր երկու երկիրներուն պատմական հարցերով, նաեւ երկուստեք ընդունելով ներկայ սահմաններուն անձեռնմխելիութիւնը։ Այսինքն՝ կասկածի տակ դնել ցեղասպանութեան իրողութիւնը եւ վաւերացնել Կարսի համաձայնագրով ներկայ սահմանները։ Եւ ոչ մէկ պահա՞նջ։ Ականջներուն չկրցաւ հաւատալ եւ կատաղիօրէն անզօր զգաց։
Ինչ կրնային ընել ինք եւ Արմէնը։ Այդ սփիւռքը որ սերունդներ սպառեց ցեղասպանութեան ճանաչման ճամբուն։ Չխնայեց ո՛չ դրամ, ո՛չ արիւն եւ ո՛չ ժամանակ հայ դատի արդար հատուցման համար։ Հիմա մոռնալ այս բոլորը եւ կրկի՞ն հաւատալ թուրքին, որ քանիցս խաղի բերած է մեզ։ Այս համաձայնագիրը իրականացնողները արժանապատւութեան բարդոյթէ՞ կը տառապին, թէ՞ պատմութենէն երբեք դաս չեն սորված։ Ինչու՞ այս զիջումները։ Ինչու՞ այս պարտուողականութիւնը։ Ինչո՞ւ այս անձնատւութիւնը։ Եւ ինչուները համազարկէ արձակուած փամփուշտներու պէս կը խուժէին կռունկին էութենէն ներս ու իր անզօրութիւնը աւելի կը կատղեցներ զինք։ Արմէնը համոզելու որեւէ ճիգ անօգուտ էր այլեւս։ Եւ Կռունկ սկսաւ թռչիլ հայրենի տարածութիւնները։ Աննպատակ ու խռովայոյզ։ Անցաւ հայոց դաշտերէն ու ծաղիկ չվերցուց։ Սաւառնեցաւ Արարատի ու Սեւանի շուրջն ու ոչ ձիւն վերցուց, ոչ ալ ջուր։ Այո, ասոնք խորհրդանիշներ էին շատ սիրելի, բայց աւելի կ՚իմաստաւորուէին միայն պատմական հայրենիքի երազով, հոն հասնելու տենչանքով։ Այդ երազին ու տենչանքին վերացումով, Կռունկ քաջատեղեակ էր թէ Արմէնին համար ոչ դաշտերուն ծաղիկներն, ոչ ալ Սեւանի ջուրը կրնային այլեւս ունենալ նոյն հմայքն ու քաշողականութիւնը։
Վերջը, յուսահատ վիճակի մէջ, նման մահամերձին որ կ՚աղերսէ Աստուծոյ, կռունկ թռչեցաւ դէպի Եռաբլուր ու սպարապետ Վազգէնին ու զօրավար Անդրանիկին գերեզմաններուն դիմաց արտասուելով աղաչեց. «Ե՛լ սպարապետ, կանգնիր ու տե՛ս, այդքան սիրելի Արցախդ, որուն համար քաջաբար ճակատեցար եւ հազարաւորներ իրենց արիւնը զոհաբերեցին, հիմա նպարավաճառային հաշիւներով սակարկութեան սեղանի մատաղ դարձած է։ Ե՛լ սպարապետ ու տէր կանգնիր հայրենիքին։ Եւ զօրավար Անդրանիկ, դուն որ սաւառնեցար արեւմտեան Հայաստանի ամեն կողմը, ահ ու սարսափ տարածելով թուրքին ու քիւրտին՝ ի պաշտպանութիւն արեւմտահայութեան, կ՚աղաչեմ, վերջին անգամ ալ ոտքի ել առիւծասիրտ զօրավար ու տէր կանգնիր Մշոյ դաշտերուն ու Սասնայ լեռներուն»։
Հոկտեմբերի տասն էր եւ աշնանային գեղեցիկ մթնոլորտ մը պարուրած էր Երեւանը, երբ յայտարարուեցաւ համաձայնագրերուն ստորագրուիլը։ Կռունկին խորշակահար հոգւոյն այլեւս ոչ մէկ մխիթարանք ու ոչ մէկ ելք։ Կրկին բարձրացաւ «Մայր Հայաստան»ի արձանը ու պոռթկաց. «Ձեռքի սուրդ բարձրացուր, Մայր Հայաստան, բարձրացուր այդ սուրբ սուրը ի պաշտպանութիւն մեծն եւ միացեալ հայրենիքին, թէ ոչ նոյն այդ սուրը ձեռքէդ խլելով պիտի խրեն զայն ճիշդ սրտիդ՝ հայրենիքի գոյութեան»։
Եւ Կռունկ բարձրացաւ Երեւանի երկինքն ի վեր։ Բարձրացաւ ու թափ տուաւ իր թեւերուն. կատաղի հզօրութեամբ թափահարեց զանոնք ուղղուելով արեւմուտք եւ ամեհի ուժգնութեամբ ինքզինք ջախջախեց Արարատի ձիւներուն մէջ։
Հիմա Արմէն ու բոլոր արմէնները սփիւռքի, երկա՜ր, շատ երկար պիտի սպասեն նոր կռունկի մը յայտնութեան։

*) ՀԵՂԻՆԱԿԻՆ ԿՈՂՄԷ

Այս «Կռունկը» գրուած էր 2009-ին, Հայաստան-Թուրքիա տխրահռչակ փրոթոքոլներուն առթիւ: Կարծեմ ներկայ վիճակին ալ կը յարմարի։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *