ԵՐԵՍՈՒՆՕՐԵԱՅ ԳՈՅԱՄԱՐՏ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

«Գորոնա» կամ «Օմիքրոն»՝ մահացու համաճարակ: Այդպէս է եղեր:
Միտքս պարզեմ: Այսպէս, օր մը, երբ առաւօտուն աչքերդ հազիւ կը փորձես բանալ, կը զգաս, որ դո՛ւն՝ ինքդ չես: Տարբեր մէկն ես: Մկաններդ ուժ չունին, որ քեզ ոտքի հանեն: Զօրաւոր հազ մը կը ցնցէ ամբողջ մարմինդ: Կը կարծես, որ հիմա սիրտդ, թոքերէդ դուրս պիտի իյնայ: Քիթդ անընդհատ «կը վազէ»: Ձայնդ «քաշուած է»: Չես գիտեր ի՞նչ պէտք, որ ընես: Ահա քեզի անակնկալ նորութիւն մը: Հազին ստեղծած աղմուկէն արդէն կողակիցդ մօտդ կը հասնի, անմիջապէս գաւաթ մը ջուր եռացուցած, եւ մտահոգ կը հրամայէ, որ կամաց-կամաց խմես: Կը հնազանդիս, որովհետեւ ուժ-կարողութիւն ըսուածը չունիս: Չկայ: Կ՚ուզես քնանալ, ուստի տեղդ գամուած կը մնաս:
Մինչ կողակիցդ հեռաձայնն առնելով անմիջապէս կը դիմէ ընտանեկան, սրտի եւ թոքերու բժիշկներուդ: Մէկիկ-մէկիկ յուզուած եւ տխուր կը բացատրէ իրավիճակդ: Կը լսես: Կ՚ուզես քու կարգիդ «բաներ» մըն ալ աւելցնել: Բայց անկարելի է: Կինդ ջերմագին կը խնդրէ, որ քեզի համար դեղագրեր ուղարկեն դեղարան: Ապա, դարձեալ կը լսես, որ բժիշկներէն ետք կարգը կը հասնի տղոցդ: Կողակիցդ երկու մանչերուդ երկար-բարակ կը բացատրէ վիճակդ: Կացութիւնդ: Ու ականջիդ կը հասնի.
— Քա՛, երէկ բան մը չ՚ունէր… արդեօ՞ք պաղ առաւ… մեղաաաա՜յ… այս փորձանքը ուրկէ՞ եկաւ… ա՛յս պակաս էր:
Հաւանաբար տղաքը իրենց մօրը ըսին թէ եղածը այդքան ալ պարզ բան մը չէ. թերեւս «գովիտ» կամ «օմիքրոն» համաճարակ: Ահա քեզի նորութիւն: Մեծ փորձանք: Տղոցմէ ետք, հեռաձայներ հարազատներու եւ բարեկամներու: Բոլորին կացութիւնդ կը պարզուի: Եւ ահա անհամար թելադրանքներ ու մանաւանդ՝ «Ըսէ՛, հա՛, բանի մը պէտք կայ նէ, շուտով բերենք…»:
Ի՜նչ լաւ: Ու քու այս նեղ կացութեանդ մէջ, յանկարծ կը յիշես ծննդավայրդ, ուր նման պարագաներուն բազմամարդ դրացիներդ շուտով եւ կամաւոր քեզի օգնութեան կը հասնին: Ճաշերդ կը պատրաստեն, այլ պէտքերդ կ՚ուզեն հոգալ: Նոյնիսկ լուացքիդ կ՚օգնեն: Իսկ հո՞ս… վրաս գրէ: Ինչու Ամերիկայի մէջ դրացնութեան գաղափար գոյութիւն ունի՞: Մեղաաա՜յ…: Աջիս, չինացի ընտանիք մը ունինք, որ տարիներէ ի վեր նոյնիսկ մեր ներկայութիւն-գոյութիւնն իսկ չի յիշեր: Կողքիս հարեւանը, որ երբ տանս ետեւի փոքր պարտէզին մէջ զիս տեսնէ, հո՛ն, այդ ժամանակ միայն իր շատախօսութեամբ «ցաւս կը տանի»: Հապա մեր տան դիմացի ամերիկացի՞ն. հոգը չէ, նոյնիսկ տեղեակ չէ մեր ներկայութենէն: Անտարբերութիւն:
Է՛հ, ի՞նչ ընենք: Փառք Աստուծոյ. տղաքդ կը հասնին, դեղ-ուտելիք-ճաշ-ջուր կամ այլ տեսակաւոր վիթամին հեղուկներու շիշեր շուտով կը բերեն, դրանդ առաջ կը ձգեն, իրենց մօր հետ քանի մը մտահոգ ու քաջալերական բառեր փոխանակելէ ետք, իրենց գործին կ՚անցնին: Ու դուն տակաւին այս բոլորը նոյնիսկ եթէ չլսես, անկողնիդ մէջ մտահոգ, երեւակայութեամբդ կ՚ուզես հետեւիլ բոլոր «անցուդարձերուն» ու մանաւանդ հեռաձայնային խօսակցութիւններուն: Բայց եւ այնպէս անմիջապէս կը սկսիս դեղերուդ: Օրերդ կամաց կամ արագ, անզգալաբար իրարու ետեւէ արդէն սկսած են հալիլ: Անգիտակ «սահիլ»: Բայց յանկարծ, օր մը կէս գիշերին, այս անգամ կնոջդ հազին ձայնն է, որ քեզ կը նեղացնէ:
— Օ՛հ, Աստուած իմ, կինդ ալ վարակուած է…, ան ալ քեզմէ:
Ահա կեցած տեղդ, այդ նեղ վիճակիդ մէջ, յանցաւոր ալ կը դառնաս: Միւս կողմէ, սակայն, անպայման կ՚ուզես գիտնալ, տեղեկանալ, թէ ինչպէ՞ս դուն վարակուած էիր: Կարծես, եթէ աղբիւրը գտնես, դուն քեզ աւելի մխիթարուած պիտի զգաս: Ու կը սկսիս մտովի վերլուծել։ Տանդ դուռն ու պատուհանը անցեալ «քրիսմըսէն» ի վեր փակ էին: Ո՛չ եկող ունեցած ես, եւ ո՛չ ալ գացող: Նոյնիսկ, հայկական սուրբ Ծնունդը, էրիկ-կնիկ երկուքով լուռ եւ անխօս անցուցած էիք: Ցաւալի վիճակ: Բայց հիմա հարցը այն է, թէ ո՞վ զո՞վ պիտի խնամէ եւ ինչպէ՞ս:
Արդէն տասը օր անզգալաբար սահած է: Դուն քեզ աւելի ամուր պահելու համար, օրին եւ ճիշդ ժամուն դեղերդ, վիթամիներդ, հեղուկներդ կ՚առնես, կը խմես ու այս անգամ կնոջդ ալ կը պարտադրես, որ խմէ: Որովհետեւ, դուն իրմէ աւելի փորձառու ես: Փորձանք: Ուղղակի ողբալի վիճակ: Քսան օրէ ի վեր տանդ կացութիւնը դէպի վատ իր ընթացքը կը շարունակէ: Չես գիտեր այս բոլորը դէպի ո՞ւր պիտի տանին քեզ եւ կինդ: Կ՚ուզես, որ գոնէ դուն քեզ քիչ մը կազդուրուած զգաս, որպէսզի կողակիցիդ ապաքինման ճիգերուն օգնես, օգտակար ըլլաս: Որովհետեւ այնպէս կ՚երեւի, թէ կնոջդ վիճակը օրէ օր աւելի կը վատթարանայ: Պատերը բռնելով կամ թեւդ մտնելով հազիւ կրնայ ինքզինք անկողնին մէջ տեղաւորել…: Կը յիշես, որ տակաւին քանի մը շաբաթներ առաջ, դուն նոյն այս կացութեան մէջն էիր: Հեւալով եւ հազիւ քալել սկսող երեխայի նման կը փորձէիր քալել: Ախորժակ ըսուած բանը կորսնցուցած էիր: Իսկ հիմա ալ երկուքիդ ալ բերանը համ-հոտ չկայ: Տանդ դեղերը կրկնապատկուած են:
Ու ամեն օր եւ ամեն առիթով բժիշկներուդ կ՚ուզես դիմել: Եւ կը դիմես: Կնոջդ մասին նորութիւններդ կը փոխանցես եւ կամ նոր թելադրանքներ կ՚ուզես ստանալ: Ու օր մը երբ արդէն կը կարծես, որ հազդ սկսած է թեթեւնալ, երբ քիթդ, քու հրահանգիդ ենթարկուելով, ալ չի վազեր, կ՚ուզես սենեակիդ գրասեղանին մօտենալ: Կամաց մը կը բանաս համակարգիչդ: Սակայն ճերմակ պաստառին դիմաց երկար կը մնաս: Մատներդ քեզի կը դաւաճանեն: Չեն շարժիր: Ուստի կ՚որոշես հեռանալ: Հիմա կարդալու-գրելու ատենը չէր: Ինքզինքդ կը համոզես: Կնոջդ պէտք է հասնիս: Ահա քսան եւ աւելի օրեր գլորուած են կեանքէդ, ե՛ւ անիմաստ, ե՛ւ անգոյն ու տակաւին չես գիտեր, որքան ատեն ալ պիտի շարունակուի այս անօրինակ իրավիճակդ: Ցաւալի է, չէ՞:
— Քիչ մը երկար ժամանակի կը կարօտի…, դեղերնիդ շարունակեցէ՛ք…, այս մէկը խաղալիք չէ՛… չէ՞ք տեսներ, հիւանդանոցները լեցուն են…:
Ու մէկ կողմէ տղոցդ, միւս կողմէ բժիշկներուդ խրատականները կը լեցուին ականջներուդ մէջ: Արդէն այդ հիւանդանոց բառէն կը սարսափիս, որովհետեւ «այ ֆօնէդ» կամ «թիվիի» կայաններու լուրերէն ամեն օր կարդացած կամ լսած ես, թէ հոն մտնողը շաբաթ մը ետք արդէն «ի վերին Երուսաղէմ» հասած կ՚ըլլայ: Կը վախնաս: Անոր համար ճշդապահ եւ կարգապահ կը հետեւիս ամեն տեսակի ցուցմունքերուն: Ուրիշ ընելիք չունիս: Ուղղակի պայքարիլ այս անիծեալ հիւանդութեան, որուն համավարակ անունն ալ կու տան: Միւս կողմէ ալ՝ քեզի կը մնայ ուղղակի գոյատեւել: Մէկ խօսքով, ծանր եւ անժամանակ գոյապայքար մը տանիլ, որուն պատրաստ չէիր: Հիւանդութիւն մը, որուն մասին ամեն մարդ երկու եւ աւելի տարիներէ ի վեր տեսակաւոր եւ գունագեղ բաներ կ՚ըսէ: Պիտի հաւատաս, այլապէս՝… դուն գիտես…: Որովհետեւ… Անէծք սատանային, շուտով վախդ, սարսափի կը վերածուի: Բայց փառք Աստուծոյ, ահով-դողով, անհամ եւ վտանգաւոր երկար իրարայաջորդ օրերէ ետք, առաւօտ մը կ՚արթննաս, որ քիչ մը բնական վիճակ մը ունիս: Կ՚ուրախանաս: Կնոջդ աւելի օգտակար դառնալդ քեզ դրական մթնոլորտի մէջ կը նետէ: Դրանդ շեմին, ուտելիք խմելիքներդ տակաւին կը շարունակուին հասնիլ: Հարազատներ, անկեղծ բարեկամներ նոյնիսկ մեկ շաբթուայ ճաշեր պատրաստած ու ղրկած են: Ուրիշներ, նոյն բանը առաջարկած: Ուրախ ես եւ շնորհապարտ, որ նման շրջապատ մը ունիս: Ներքնապէս կը յուզուիս բայց միաժամանակ կը հպարտանաս: «Մարդը մարդով կ՚ըլլայ», կ՚ըսես ու դուն քեզ կը համոզես: Կը մխիթարես:
Ու նոյն օրն իսկ, չես գիտեր ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս, ոտքերդ ինքնաբերաբար քեզ կրկին կը տանին դէպի գրասեղանդ: Կ՚արթնցնես համակարգիչդ: Ու կամաց-կամաց կը սկսիս հայկական մամուլի էջերը թղթատել, նամակներդ կարդալ, «ֆէսպուքի» էջերդ թղթատել, միեւնոյն ատեն «ընելիք-գրելիքներուդ» մասին մտածել:
Աստուա՜ծ իմ, այս ի՜նչ բաներ պատահած են քու «բացակայութեանդ»: Ո՞ր մէկուն մասին պիտի կարենաս մտածել…, հասնիլ: Այսպէս. — 2022 տարին հռչակուած է Սփիւռքի տարի…, Հրանդ Տինքի ապանութեան 15 ամեակը կը նշուի…, դասընկերոջդ վաղաժամ մահը քեզ սուգի մէջ կը նետէ…, բանաստեղծ Ռազմիկ Դաւոյեանի մահուան գոյժը կու գայ ծանրացնել յոգնած միտքդ…, հապա, Հայաստանի նախագահի հրաժարականը, եւ տակաւին՝ հայ-թրքական երկխօսութիւնը նոր մտածումներու դուռ կը բանան: Ո’ր մէկուն մասին պիտի խորհրդածես, չես գիտեր:
Ու կը զգաս, որ արդէն երեսուն օրերէ ի վեր դուն հեռու էիր այս աշխարհէն, հայ աշխարհէդ, սփիւռքներէդ… ու ինքնաբերաբար կ՚անիծես «գորոնան» եւ իր յաջորդը՝ «օմիքրոնը»: Բայց, միւս կողմէ փառք կու տաս Աստուծոյդ, որ դուն բաւական ապաքինած ես, իսկ կողակիցդ ալ կամաց-կամաց նոյն ճամբուն վրայ է… փառք՝ Ամենակալին:
Ու այսպէս երեսուն օրեր ետք, առաւօտ մը, երբ համակարգիչիդ դիմաց նստած կը սպասես անոր պաստառի լուսաւորման, յանկարծ կը յիշես, ողորմած դեղագործ հօրդ իր հիւանդ յաճախորդները քաջալերող խօսքերը.
— Լաւ յիշէ՛, հայրենակից, հարբուխը մէկ շաբաթէն կ՚անցնի, երբեմն ալ՝ եօթը օրէն:
Ու նոյն օրինակը կ՚ուզես կողակիցիդ ալ պատմել, տան մթնոլորտը փոխելու միտումով.
— Ա՛յ, կնիկ ճան, այս «գոյամարտդ» կրնայ երեսուն օր տեւել եւ կամ մէկ ամիս… արդէն կէս ճամբան անցած ես…: Դո՛ւն գիտես:

Լոս Անճելըս

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *