ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ԶՈՒԱՐՃԱՆԱՅ (Բ.)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Կը կարծեմ, թէ բոլորդ պիտի համաձայնիք ինծի հետ, եթէ ըսեմ, որ Յարութ Սասունեանը կը հանդիսանայ մեր լաւագոյն լրագրողներէն մէկը, այն, որուն վերլուծումները յափշտակութեամբ կը կարդացուին սփիւռքի մէջ եւ յաճախ լոյս կը տեսնեն հայրենի լրատուական ցանցերու վրայ եւս:
Անոնք ունին մէկ անպատեհութիւն. Սասունեան հայերէն չի գրեր իր յօդուածները, որոնք մեզի կը հասնին երկու թարգմանութիւններէ ետք. նախ՝ արեւելահայերէնի, այս վերջինէն ալ՝ արեւմտհայերէնի, եւ այս ոլորապտոյտ բաւիղներուն վրայ անոնք կը հանդիպին լեզուական խայտաբղէտ փորձանքներու, որոնց մէկ-երկուքին պիտի անդրադառնանք ստորեւ՝ հիմնուելով իր վերջերս գրած մէկ յօդուածին վրայ՝ «Թրամփ կրնայ ըլլալ…» («Երեբունի նիուզ», 13-1-2021):

* * *

«Թրամփ խորամանկ գտնուած էր ընտրութիւններու արդիւնքին վերաբերեալ շատոնց ի վեր կասկածներ սերմանելու մէջ»:
Շատոնց եւ ի վեր բառերը միատեղ չեն գործածուիր, քանի որ «շատոնց»-ին մէջ արդէն կայ «ի վեր»-ի իմաստը. օրինակ՝ «Զինք շատոնց կը ճանչնամ», — կը նշանակէ «Զինք երկար ժամանակէ ի վեր կը ճանչնամ»: Ուրեմն տեղի ունեցածը կրկնաբանութիւն մըն է: Այս երկուքէն միայն մէկը բաւարար է մեր միտքը ճիշդ արտայայտելու համար:
Այս վերաբերեալ-ին ալ սկսանք ծամօնի պէս ընտելանալ եւ ծամել ու ծամծմել զայն՝ բոլորովին շնորհազրկելով հայերէնը, որուն խորթ է ան եւ շատ ուրիշ խորթութեանց պէս ժառանգեցինք արեւելահայերէնէն: Մինչ կարելի է վայելչօրէն ըսել առթիւ, մասին, առնչութեամբ, շուրջ, մէջ. այսպէս՝ արդիւնքին առթիւ, արդիւնքին մասին, արդիւնքին առնչութեամբ, արդիւնքին շուրջ կամ մէջ եւ այլն:

«Երբ այս յօդուածը գրելու կը պատրատուէի, կ՚ուզէի երկու կարեւոր կէտի վրայ ուշադրութիւն դարձնել»:
—ամեն գրող, գրելէ առաջ, տրամաբանօրէն, իր ուշադրութիւնը արդէ՛ն դարձուցած կ՚ըլլայ իր մատնանշելիք, զարգացնելիք կէտերուն վրայ, եւ անկէ ետք կը գրէ՝ փորձելով այդ նոյն կէտերը իմանալի ու մատչելի դարձնել նաեւ ընթերցողին:
Ուրեմն՝
«Երբ այս յօդուածը գրելու կը պատրատուէի, կ՚ուզէի ընթեցողին ուշադրութիւնը հրաւիրել կամ կեդրոնացնել երկու կէտի վրայ…»:
«Երբ այս յօդուածը գրելու կը պատրատուէի, կ՚ուզէի ընթերցողին ուշադրութեան յանձնել երկու կէտեր…»:
«Երբ այս յօդուածը գրելու կը պատրատուէի, կ՚ուզէի շեշտել կամ լուսաբանել կամ լուսարձակի տակ բերել երկու կէտեր»:

«Տարիներ շարունակ Թրամփը բազմիցս զգուշացուցած են, որ ան կը խախտէ ընկերային լրատուական միջոցներու ծառայութեան պայմանները»:
—Արեւմտահայ գրողի աքիլլէսեան կրունկն է, հաւանաբար, զանազանումը ան եւ ինք դերանուններու: Ե՞րբ ըսել ան ու ե՞րբ ըսել ինք… Այնքան բարդ է լուծումը, եթէ ան մէջէդ չի գար, հայու բանականութենէդ ու լեզուազգացողութենէդ չի բխիր ան:
Եթէ կեդրոնացած կարդանք, ապա պիտի անդրադառնանք ու նկատենք, որ բերուած օրինակին մէջ ան դերանունը կը մատնանշէ Թրամփէն տարբեր՝ ուրիշ մէկը. այլ խօսքով՝ այնպիսի մէկը, որուն մասին այնքան տարիներ զգուշացուցած են Թրամփը: Մինչդեռ այս չէ՛ ըսել ուզուածը. զգուշացուողը նոյնինքն Թրամփ կոչուած մարդակերպն է (androïde):
Ուրեմն՝ բերուած օրինակին մէջ՝ կա՛մ ան-ին փոխարէն կը գրենք ինք (որ կը նշանակէ Թրամփը ինքնի՛ն), կա՛մ պարզապէս կը ջնջենք զայն, ու խախտողը դա՛րձեալ կ՚ըլլայ Թրամփը:

«Թիւրն ու թերին» 21րդ դարուն

Բարեմիտ բարեկամ մը Եւրոպայի իր բիւրեղեայ աշտարակէն վերջերս կը գրէր, որ չի հաշտուիր այն գաղափարին հետ, թէ հայերէնը այնքան գէշ կը գրուի սփիւռքի մէջ, որքան կը մատնեն յօդուածներս: Է՜հ, ի՞նչ ընեմ, ես ալ պիտի ուզէի, որ տարբեր ըլլար կացութիւնը, բայց թէ այդպէս չէ, ի՞նչ կրնամ ընել: Ըսեմ միայն, եթէ իրապէս պէտք կայ, որ յերիւրածոյ չեն մատնանշումներս, որոնք իրականութենէն ընդհանապէս նուազ ալ են:
Ա՛յս է իրողութիւնը՝ մերթ քիչ մը աւելի, մերթ քիչ մը պակաս:
Վերջին տասը տարիները, Հալէպի ու Լիբանանի նսեմացումով, աւելի շեշտեցին իրողութիւնը՝ հայերէնի նահանջը, նախ՝ նոյնինքն յիշեալ ոստաններէն, որոնք կորսնցուցին իրենց սեփական ինքնաբաւութիւնը, ապա ամբողջ սփիւռքէն, որուն լեզուամշակութային մատակարարն էին անոնք:
Իսկ ի՞նչ պիտի ըլլայ կացութիւնը ուրիշ տասնամեակ մը ետք:
60-70 տարի առաջ Բենիամին Թաշեան, «Թիւրն ու թերին»-ի մէկ սիւնակ լեցնելու համար, սովորաբար քանի մը թերթ աչքէ կ՚անցընէր, մինչեւ գտնէր իր «զոհերը», իսկ այսօր նոյն թերթը կրնայ քանի մը յօդուածի նիւթ հայթայթել իր անհարթութիւններով. երբեմն մէկ հատիկ յօդուածն ալ բաւարար է քանի մը էջ լեցնելու համար, ինչպէս է պարագան ստորեւ հաւաքուած սայթաքումներուն:

«Բարի դրացիական»
«բարի դրացի» բառակապակցութիւնը կու տայ բարիդրացիական ածականը՝ մէկ բառ որպէս:
Նմանապէս՝ ձեռք բերել — ձեռքբերում, Փոքր Ասիա — փոքրասիական, Սուրբ գիրք — սուրբգրային, Սուրբ ծնունդ — սուրբծննդեան, Կարմիր բանակ — կարմիրբանակային, փոխ առնել — փոխառութիւն…
Պէտք է նկատել, որ այս պարագային յատուկ անունները կը չքանան:

«Միզային անցքերու քարերը յաճախակի հիւանդութիւններ են»
Յաճախակի մակբայ է եւ չի համատեղուիր հիւանդութիւն գոյականին հետ:
Ունինք յաճախական, որ ածական է, ուրեմն՝ յաճախական հիւանդութիւն:
Սակայն ես պիտի նախընտրէի ըսել՝ պատահական հիւանդութիւն:

«Հազուադէպ անգամ կը պատահին փոքրիկներու եւ պատանիներու մօտ»:
Անգամ-ը բոլորովին աւելորդ ու մանաւանդ սխալ է:
Իր կարգին աւելորդ ու սխալ է մօտ-ը:
Ուրեմն՝ «Հազուադէպ կը պատահին փորքրիկներու եւ պատանիներու»:

«Կը պատճառէ սիրտ խառնուք եւ փսխել»:
Սիրտ խառնուք բառակապակցութիւնը արդէն վաղուց վերածուած է համադիր բարդութեան մը՝ սրտխառնուք:
Միւս կողմէ՝ քանի համադասութեան առաջին անդամը գոյական մըն է, յարմար է, որ երկրորդը նմանապէս ըլլայ գոյական մը՝ փսխուք:
Ուրեմն՝ «Կը պատճառէ սրտխառնուք եւ փսխուք»:

«Հիւանդը առանց վիրաբուժութեան քարը անցնէ»:
«Քարի կտորները մէզին մէջէն կ՚անցնէ»:
«Հիւանդներուն մեծ մասը դիւրաւ կ՚անցնեն իրենց քարը»:
—Այս երեք օրինակներուն մէջ ունինք անցնիլ-ին ներգործականը, որ է անցընել՝ ը-ով. ուրեմն՝ անցընէ, կ՚անցընէ եւ կ՚անցընեն:
Միւս կողմէ՝ երրորդին ենթական եզակի է՝ մասը, ուրեմն պէտք է բայն ալ դրուի եզակի՝ կ՚անցընէ. ուրեմն՝ «մեծ մասը կ՚անցընէ»:

«Բժիշկը ցնցող ալիքներով քարը կը փշրէ»:
Ցնցող ալիքով երիկամի խիճ չի փշրուիր. պէտք է ըլլայ՝ թրթռացող ալիք:

«Ներկայիս բաց վիրաբուժութիւն չի գործածուիր»:
Գործածուիլ բայը չի պատշաճիր վիրաբուժութիւն-ին, որ վերացական հասկացութիւն մըն է: Աւելի պատշաճ է կիրարկել բայը. ուրեմն՝ «վիրաբուժութիւն չի կիրարկուիր»: Կարելի է, — ոչ խրախուսելի, — տեղի չ՚ունենար բայը եւս:

Նոյն յօդուածին մէջ կը գտնեմ՝ բորբոքում (3 անգամ), միւս կողմէ՝ փորփոքում (2 անգամ): Անշուշտ ճիշդը՝ բորբոքում-ն է:
Կը գտնեմ նաեւ՝ նոսրացած, որ պէտք է ըլլայ նօսրացած:
Եւ վերջապէս՝ երկուստէք, որ պէտք է ըլլայ երկուստեք:
Հայերէնը էք ածանց չունի. ունի եք, որ կը գտնենք չորս բառի մէջ՝ երբեք, ուրեք, ուստեք, եւ ուրեմն՝ նաեւ երկուստեք:

«Անոնց երիկամունքները…»
— Այստեղ կը գտնենք կրկնակի յոգնակի ըսուած երեւոյթը ի դէմս ունքներ բաղադրիչին. ինչ որ կը նշանակէ, թէ երիկամ բառը երկու անգամ յոգնականացած է. մէյ մը՝ գրաբարեան ոճով՝ երիկամունք, սա իր կարգին աշխարհաբարեան ոճով՝ երիկամունքներ: Մինչդեռ ասոնցմէ միայն մէկը բաւարար է:
Այս պարագային բաւական ըսելիք կայ, սակայն… տեղ չկայ:
Այս կրկնութիւնը կը պատահի ուրիշ բառերու պարագային ալ, օրինակ՝ տղաքներ (Վ. Թեքէեան, Ռ. Սեւակ, Մ. Կիւրճեան), անձինքներ (Պ. Պոյնուէյրիեան), պահանջմունքներ (Ե. Օտեան), այլեւ՝ ծնողքներ, նախնիքներ, զգացմունքներ…:

(Շարունակելի)

Պէյրութ

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *