ԽՄԲԱԳԻՐԸ

ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ

Կարճուկ, շա՜տ կարճուկ մարդ մը։ Քառակուսի։ Կատարելապէս քառակուսի դէմքով մը, որուն ճակատը թուշին կը միանայ ուղիղ, բացարձակապէս ուղիղ գծով մը։ Քիչ մը պեխ, աղտոտ հագուստներ, պզտիկ շուն մը ետեւէն, ու ահա նոյն ինքն է պարոն Զաքէոս։
Զինքը ճանչցայ պալքանեան պետութեան մը քաղքին, մեղա՜յ, մայրաքաղաքին մէջ։
Երբ իրեն հետ տեսնուելու պատիւն ունեցայ, արդէն խմբագրութեան սկսած էր եւ իր թերթին, «Համերաշխութիւն»-ի, երկրորդ թիւը շարելու վրայ էր։ Ա՜խ, այդ գիրերը շարելու գործողութիւնը… ի՜նչ տանջանքներ տուած էր իրեն։ Հազիւ յաջողած էր գտնալ նախկին դերասան մը, որ լուսանկարչութիւն կ՚ընէր այդ քաղքին մէջ, համոզելու համար զինքը, որ իր կոչումը գրաշար ըլլալու է։ Նախկին դերասանը, որ տասներեք անգամ ըլլալով իր անունը փոխած եւ Փայլակեան յեղափոխաշունչ անունն առած էր, հաւաներ էր իր աջակցութիւնը նուիրել այդ թերթին, որուն իբր թէ նպատակն էր միութիւն առաջ բերել մեր յեղափոխական կուսակցութիւններուն մէջ։

* * *

Սեպտեմբերին, իրիկուն մը, պ. Զաքէոս բռնեց օձիքէս ու ստիպեց, որ միասին երթանք գարեջուր խմելու առանձին տեղ մը, քաղաքէն դուրս, հեռաւոր պարտէզի մը մէջ։
— Քանի՞ տարիէ ի վեր հոս ես,— հարցուցի իրեն, երբ կ՚երթայինք ծառազարդ ճամբայէ մը դէպի մեր նպատակակէտը։
— Տասնըչորս տարիէ ի վեր։
— Ինչո՞ւ ձգեցիր Պոլիսը։
— Ա՜խ, իմ պատմութիւնս երկար է։ Պոլսէն փախայ ճիշտ այն միջոցին, ուր զիս տասնըհինգ տարուան տաժանակիր աշխատութեան պիտի դատապարտէին։ Եւ դատապարտեցին՝ «ի բացակայութեան»։
— Վատե՜րը, — գոչեցի, — ի՞նչ սուտ ամբաստանութեամբ քեզ դատապարտեցին։ Յեղափոխակա՞ն գործի համար։
— Չէ՛, — պատասխանեց պ. Զաքէոս, — չէ՛, այն ատեն դեռ յեղափոխութիւն չի կար. պարզապէս… հրձիգութեան համար։
— Վատե՜րը, ի՜նչ սոսկալի զրպարտութիւն։
— Զրպարտութիւն չէր, անհերքելի վկայութիւններ կային ինծի դէմ։
Լռեցի։ Դէմինս «անկեղծ» հրձիգ մըն էր։
Լռութիւնը՝ որ տեւեց մեր մէջ՝ պաղ էր, ինչպէս հովը, որ կը փչէր դեկտեմբերին, Աթէնքի մէջ, Հիմէդ լերան կողմէն։
— Պոլիսէն փախայ,— շարունակեց Զաքէոս,— եւ գացի Թրիեսթէ, անկէ եկայ հոս, ուր կը գտնուիմ տասնըչորս տարիէ ի վեր։
— Ինչպէ՞ս թերթ հրատարակելու գաղափարն ունեցար։
— Մարդ մը, որ կը ծնի, պէտք է ապրի մինչեւ իր մեռած օրը, — պատասխանեց Զաքէոս վճռաբար։ — Եթէ հրձիգութեան փորձս յաջողէր, դիտաւորութիւնս էր Պոլսոյ մէջ նպարավաճառի խանութ մը բանալ, դժբախտաբար չեղաւ։ Երբ հոս եկայ, քովս քիչ մը ստակ կար, անով վիմագրատուն մը հաստատեցի եւ սկսայ ապրիլ։ Արդ, վիմագրատունէն խմբագրութիւն քայլ մը միայն կայ եւ այդ քայլը առի շնորհիւ Խազապբէկեանի։
— Խազապբէկեանի՞։
— Այո՜, Խազապբէկեանի, զոր հոս ճանչցայ եւ որուն «Զանգակ» թերթին հասցէները ես կը գրէի։ Այն ատեն տեսայ, որ ատ մարդը, ինէ աւելի վարպետ, հրձիգութենէ շահաւետ գործ մը գտած էր յեղափոխական թերթ մը հրատարակելով եւ կուսակցութիւն կազմելով։ Բայց Խազապբէկեան տիրած էր հրապարակին եւ անկարելի էր հետը մրցիլ։ Հիմա կուսակցական երկպառակութիւններուն պատճառաւ, յարմար ատենն էր մէջտեղ նետուելու եւ նետուեցայ։
Ինչպէս կը տեսնաք, պ. Զաքէոս անկեղծ էր իր խօսքերուն, ինչպէս հրձիգութեան մէջ։

* * *

«Համերաշխութիւն»-ի երրորդ թիւը հրատարակուեցաւ եւ հետզհետէ, ամեն ամիս, կանոնաւորապէս թերթերը լոյս կը տեսնէին։ Թերթը յաջողութիւն կը գտնէր. աշխարհքի չորս կողմէն «Համերաշխութիւն» կ՚ուզէին եւ եթէ այսպէս շարունակուէր, խե՜ղճ Զաքէոս, հագուստներէն ետքը, կօշիկն ու գլխարկն ալ ծախելու պիտի ստիպուէր՝ թերթը հրատարակելու համար, որովհետեւ «Համերաշխութիւն»-ը… ձրի կը տրուէր եւ ճամբու ծախքը խմբագրութեան վրայ էր…
Այո, պ. Զաքէոս, որ թէեւ Աւետարանի իր անուանակցին հասակը ունէր, բայց ոչ անոր հարստութիւնը, իր յոյսը դրած էր նուէրներու վրայ միայն։ «Թերթը ձրի է, բայց նուէր շնորհակալութամբ կ՚ընդունինք», կը գրուէր ատեն-ատեն, մինչ «Համերաշխութիւն»-ի համակիրները թերթը կ՚ուզէին… բայց նուէր չէին ղրկեր յաճախ։
— Ա՜խ, այդ Խազապբէկեանը, նուէրի աղբիւրները բոլոր իրեն կը քաշէ տակաւին, — կը գոչէր խեղճ Զաքէոս, երբ ձեռնաթափ կը դառնար նամակատունէն, ուր հերոսական անպարտելի յոյսով մը կը շարունակէր երթալ օրը երկու անգամ, նոյնիսկ երբ վստահ էր, թէ թղթաբերը եկած չէ։
Ու նուէրները, որ կու գային ցանցառ-ցանցառ, չեմ գիտեր ինչ հրաշքով, ճղճիմ բաներ էին։ Երեք ֆրանք Պուլկարիայէն, կէս տոլար Ամերիկայէն, հինգ ղուրուշ Եգիպտոսէն, զորս գանձելու համար ամօթով կը մօտենար խեղճը՝ դրամ վճարող պաշտօնեային, որ ծաղրական ժպիտ մը շրթունքին վրայ կու տար իրեն, ողորմութեան մը պէս, այդ ֆրանքները կամ կէս տոլարը, կամ հինգ ղուրուշը։

* * *

Որո՞ւ պիտի բաւէին այդ խղճուկ նուէրները, լուսանկարչութիւնը ձգող նախկին դերասան գրաշարին պահա՞նջը կարգադրելու, Քոլոքոթրոնիս փողոցը գտնուող սափրիչին, լեղա՜կ աչքերով կնոջ՝ Ելէնիի՝ տարիէ մը ի վեր խոստացած գուլպանե՞րը գնելու, ճաշարանին հաշի՞ւը մաքրելու, տան վա՞րձքը տալու, շունին ոսկո՞ր գնելու, որո՞ւն պիտի բաւէր երեք ֆրանքը, կէս տոլարը կամ հինգ ղուրուշը։
Ու Զաքէոս՝ յուսահատ՝ «ապերա՜խտ ազգ» գոչելով թղթատունէն կը մեկնէր գանձած քիչ մը դրամովը ու շունչը կ՚առնէր գինետուն, ըստ խրատու առակողին, թէ «օղին կորսուելու վրայ եղողին ու գինին դառնահոգիներուն տուէք, որ անոնք խմեն ու իրենց աղքատութիւնը մոռնան եւ իրենց նեղութիւնը մէյ մըն ալ չյիշեն»։ Երբեմն մեզի ալ կը հրաւիրէր.
— Եկէ՛ք, սանկ քանի մը հատ ճնկենք, անանկ ալ կործանեցայ, ասանկ ալ։
Ու այս փիլիսոփայական մտածումով զօրացած կը մտնէր գինետուն, ուր րեչինան՝ այդ Հոմերոսէն երգուած գինին կը մոռցնէր պահ մը իր կեանքին տխուր իրականութիւնները։
Հոն սեղանին առջեւ, մեծ ու պզտիկ տակառներու դրացութեամբ, Զաքէոս կամաց-կամաց կը խանդավառէր ու կը սկսէր անկեղծ շատախօսութեամբ մը դուրս տալ սրտին մէջ եղածները։
Դեկտեմբերի մէջ, ցուրտ ու անձրեւոտ իրիկուն մը, երեք բարեկամ նստած էինք նպարավաճառ-գինետան մը անկիւնը, երբ Զաքէոս ներս մտաւ յաղթական ձեւով մը։
— Րեչինա՞ թէ ուզօ,— գոչեց խօսքը մեզի ուղղելով, երբ տեսաւ, որ սեղաննուս վրայ տակաւին գաւաթներ չէին երեւցած։
— Րեչինա։
Հարկ եղած հրահանգները տալէ վերջ՝ եկաւ քովերնիս։
— Թղթատունէ՞ն կու գաս կոր, — հարցուցինք։
— Ձգեցէք սա թղթատունը, — պոռաց Զաքէոս արհամարհոտ ձեւով մը թեւը կէս մը բարձրացուցած։
— Ուրեմն ինչպէ՞ս պիտի խմենք րեչինան։
— Արաբկիրցի հարուստ մը, — շարունակեց Զաքէոս,— որ հոս կը գտնուի եղեր, գործ մը ունեցեր է պանքային հետ ու լեզու չգիտնալուն ստիպուեր է գալ զիս փնտռել, որպէսզի մէկտեղ երթանք գործը կարգադրենք։ Գացինք կարգադրեցինք. մարդը հանեց տասը ֆրանք նուէր տուաւ։ Ըսի իրեն, որ ես երբէք նուէր չեմ ընդունիր, բայց «Համերաշխութիւն»-ի համար կ՚ընդունիմ։ «Առ տէ, ինչի համար կ՚ուզես առ», ըսաւ ու ձգեց գնաց։ Ես ալ ութ ֆրանքը տպագրիչին տուի ու երկուսն ալ մեր Միչոյին պահեցի։
«Մեր Միչոն» գինեպանն էր։

* * *

Երբ րեչինային առաջին շիշը պարպուեցաւ, Զաքէոս գլխարկը դէպի ետեւ քշեց, քիչ մը ճակատը քերեց, ձեռքը զարկաւ սեղանին ու գոչեց.
— Ո՜ւշ հասայ, ո՜ւշ։ Եթէ վեց-եօթը տարի առաջ գործի սկսէի՝ հիմա դիրքս շինած էի։ Ես ալ եղած էի Խազապբէկ մը…
— Նորէն կ՚ըլլաս, մի՛ յուսահատիր։
— ՉԷ՛, ալ լմնցաւ, կը տեսնամ, որ ժողովուրդին աչքը բացուեցաւ… ա՛լ առջի միամիտները չեն։ Տեսնելու բան էր Խազապ-բէկին հոս եղած ատենը, երբ միասին Բոսթան կ՚երթայինք, ամեն կողմէ անձրեւի պէս կու գար դրամները, շաբաթը երբեմն հարի՜ւր ոսկի կ՚ըլլար… հարի՜ւր։ Միչօ՛, սա շիշը վերցուր եւ ուրիշ մը բեր։
Զաքէոս շարունակեց.
— Ա՜խ, այդ տեղատարափ նուէրներն էին, որ իմ ալ գլուխս դարձուցին։ Այն օրերէն միտքս դրի ես ալ յեղափոխական թերթ հրատարակել, կուսակցութիւն կազմել ու այդ նուէրներուն գոնէ հարիւրին տասը ձեռք անցնել։ Հիմա չափս առի։
— Կամաց-կամաց։
— Է՜հ, եթէ քիչ մը դրամագլուխ ունենայի տարի մը դիմանալու չափ, բայց, ա՜խ, չէք գիտեր վիճակս։ Ամեն օր նոր-նոր պարտքեր ընելու վրայ եմ, ալ քաղքին մէջ մարդ չպիտի մնայ, որ ինծի ապառիկ տայ։ Երեկ խանութիս տէրը վերջնականապէս ըսաւ, որ ամսու գլխուն եթէ պարտքս չվճարեմ, զիս դուրս պիտի նետէ…
— Բե՜ր սա գաւաթդ լեցունեմ։
— Աս «Համերաշխութիւն»-ը խերս անիծեց, մէջքս կոտրեց, եղբայր։ Քանի մը ոսկի խնայողութիւն ըրած էի, ան գնաց… պարտքի սկսայ, եւ ի՜նչ խայտառակ պարտքեր, հինգ ղուրուշ մէկէն, տասը ղուրուշ մէկալէն… քեփազէ եղանք ամենուն քով։ Ձեռք մը նոր լաթ ունէի՝ ան ալ ծախեցի, «Համերաշխութիւն»-ը հոս հասցուց ինծի։ Նայեցէք սա բանթալոնիս ու բալթոյիս վիճակը, սա գլխարկս… հապա՜ կօշիկներս… ոտքս ջուրերուն մէջն է։ Տարի մը առաջ տեսնալու էիք ինծի, դեռ մարդու շնորհք կար վրաս… հիմա կ՚ամչնամ կոր հայելին նայելու… ապերա՜խտ ազգ։ Միչօ՜, սա շիշը վերցուր ուրիշ մը բեր։
Ա՛լ լռեց։
Գրգռուած էր ու տխրութիւն մը եկած էր վրան, այն տեսակ մը ծանր տխրութիւններէն, որոնք երբեմն կ՚իյնան հոգիին վրայ ու կը ճնշեն զայն։ Լռութեամբ պարպեց վերջին շիշը։
— Այս իրիկուն րեչինան փոխանակ քեզ զուարթացնելու՝ աւելի տխրեցուց, — ըսի։
— Այո՛, — պատասխանեց վհատ ձայնով մը, — մատնի՜չը… ան ալ զիս լքանել սկսաւ։
Ոտքի ելանք։ Դիաբեզային առջեւ Զաքէոս մաքրեց րեչինաներու հաշիւը, կէս ֆրանքի չափ աւելցաւ։
— Քոնեաք մը տուր։ Հատ մըն ալ։
Երկու քոնեաքը երբ խմեց, փողոց ելանք։ Զաքէոս սկսած էր սայթաքիլ։
Դուրսը, տխո՜ւր, անձրեւոտ գիշեր մրն էր, ցո՜ւրտ, յուսահատական։
— Գիշեր բարի, — ըսաւ Զաքէոս ու մխրճուեցաւ՝ գայթ ի գայթ՝ դիմացի փողոցին մէջ, մինչ անձրեւը կը ծեծէր իր աղտոտ գլխարկը ու հին լաթերը։ Իր շունը՝ Գանելան՝ պոչը կծկած ետեւէն կ՚երթար…

* * *

Հիմա երկու տարիէն ետքը աչքիս աոջեւն է տեսարանը։ Դեկտեմբերի այդ անձրեւոտ պա՜ղ գիշերը, ու կարճուկ ստուերը Զաքէոսին, որ պատն ի վեր, կազի յարաշարժ լոյսին տակ. խոլական ձեւեր կ՚առնէր, ու այդ չա՜ր անձրեւը, որ կարծես անձրեւնոց չունեցող գլուխներուն վրայ կ՚իջնայ՝ յատկապէս՝ անգութ յամառութեամբ մը, ու անմեղ նահատակ իր տիրոջ փառատենչ անուրջներուն՝ Գանելան, որ գուցէ օրն ի բուն ոսկոր չէր գտած կրծելու եւ հիմակ, ջուրին տակ խխում եղած, կը հետեւէր՝ ստոյիկ համակերպութեամբ մը՝ իր տիրոջ, որ գայթ ի գայթ կ՚երթար պատն ի վեր։
— Խե՜ղճ Զաքէոս, — ըսինք ամենքս միաբերան, երթ ջրաթաթաւ ստուերը ալ խառնուեցաւ մթութեան հետ։ Տգէտ, անխելք, նիւթապէս անկարող, ֆիզիքապէս անշնորհք, ամենէն արհամարհուած, երկչոտ մարդ մը՝ անծանօթ մնալու բոլոր օգուտներով օժտուած, որ ինքզինքը յանձնարարելու համար բան մը չունի, որ իր ոչնչութեան գիտակցութիւնը ունի եւ որ սակայն կ՚ուզէ հանրային դեր մը խաղալ, թե՜րթ հրատարակել, կուսակցութիւն կազմել, հրամանին տակ մասնաճիւղեր ունենալ, հրահանգներ տալ եւ… նուէրներ առնել, վերջապէս, մակաբոյծ մը, բայց մեծկա՜կ մակաբոյծ մը ըլլալ։ Արդարեւ, խե՜ղճ մարդ։
Իր անյաջողութեան պատճառները երբեմն կը փնտռէր Զաքէոս. «Նախ ժողովուրդը առջինը չէ,— կ՚ըսէր, — յետոյ ես գէշ ըրի, գործի սկսելէ առաջ՝ պէտք էր տարիի մը չափ գաւառները երթալ, սանկ, ինչպէ՞ս ըսեմ, նախկին գործիչի մը համբաւ շինել եւ ետքէն թերթ հրատարակել։ Յեղափոխական կեանք չունենալս շատ սախտէ կու տայ կոր ինծի… Ասկէ զատ, շիտակը ըսե՞մ, հասակիս կարճութիւնը եւ կզակիս ձեւը գործը կ՚աւրեն կոր. ո՞ւր էր, որ երկայնահասակ մէկը ըլլայի, առատ մազերով, խոշոր մօրուքով… Խազապբէկին պէս բան մը։ Յետոյ, յետոյ… մէյ մը Ժնեւ գացած չըլլալս… ի՞նչ կըլլար, փոխանակ Թրիեսթէէն ուղիղ հոս գալու, Ժնեւի ճամբով դառնայի… ան «սոցիալ-դեմոկրատի» պէս բառերը տեսա՞ր մի, ահա անոնք են քսակներու բանալիները, անոնք՝ նուէր բերողները…
— Անոնց ալ մոտան անցաւ, պարոն Զաքէոս։ Գալով հասակիդ, Յուլիոս կեսար, Նաբոլէոն աոաջին, պարոն Թիեռ, անոնք ալ կարճահասակ էին…
— Այրած սրտի մխիթարա՜նք… ես ըսածս գիտեմ։ Տե՛ս անցած օր ի՛նչ պատահեցաւ։ Սրճարանը նստած էի, եկան փնտռեցին, ըսելով, որ երկու շնորհքով մարդ «Համերաշխութիւն»-ի հրատարակիչը տեսնել կ՚ուզեն անպատճառ։ Լուրը բերողը ըսաւ, որ նուէր տալու խօսք ըրեր են։ Խենթի պէս վազեցի խանութս։ Քիչ մը ետքը պիտի գան եղեր, վերջապէս եկան։
— Ո՞ւր է պարոն Զաքէոսը, «Համերախութիւն»-ի հրատարակիչը, — հարցուցին ինծի։
— Ե՛ս եմ, — պատասխանեցի։ — Դո՞ւն… դուն թե՞րթ կը հրատարակես,— ըսաւ մին կէս մը խնդալով։
— Այո՞, հրամմեցէք նստեցէ՛ք, սուրճ մը առէ՛ք։
— Ո՛չ, շնորհակալ ենք, ստիպողական գործ ունինք, մնաք բարով, յաջողութիւն կը մաղթենք։
Ու ելան գացին։
Ետքը իմացայ, որ ծանօթներուս մէկուն ըսեր են. «Միտք ունէինք նուէր մը ընելու, բայց, շիտակը, իր կերպարանքին չհաւնեցանք. ատ մարդը ինչպէ՞ս խմբագրութիւն կ՚ընէ»։
— Կերպարանքիս չե՜ն հաւներ, անպիտաննե՜ր, փեսա՞յ փնտռելու եկաք, թէ նուէր տալու… զարմացեր են, թէ ինչպէ՞ս խմբագրութիւն կ՚ընեմ… կարճահասակ մարդը խմբագրութիւն չի՞ կրնար ընել… սանդուխի մը վրայ կ՚ելլա՜մ ու անանկ կ՚ընեմ խմբագրութիւն… ապերախտ ազգ…

* * *

Երկու տարի է, որ մեկնած եմ այդ քաղքէն ու չեմ գիտեր, թէ «Համերաշխութիւն»-ը դեռ կը հրատարակուի՞։ «Համերաշխութիւն» չկարդալս անշուշտ զրկանք մը չեմ համարեր ինծի համար, բայց անհուն ձանձրոյթի վայրկեաններուն, որ կ՚ունենամ երբեմն, կարօտը կը քաշեմ Զաքէոսին, որուն տեսքն ու խօսակցութիւնը յաճախ զուարթութիւն տուած են ինծի։
Բալեաչօ մըն է, որ ծերունի հօր դերը խաղալ կ՚ուզէ. ահա իր սխալը։
Անարդար եղայ իրեն նկատմամբ, երբ յեղափոխութեան մակաբոյծներուն մէջ դասեցի զինքը, իր նպատակը շեշտել ուզելով աւելի։ Ստուգապէս՝ Զաքէոս յեղափոխութեան… զոհն է։

(«Յեղափոխութեան մակաբոյծները»)

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *