ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ (1)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
— Ա —

Հայոց լեզուի առաջին ուսուցիչներս եղած են մայրս ու հօրենական մեծմայրս, որոնք, սակայն, անգրաճանաչ գեղջուկներ էին: Կրնայ հակասական թուիլ ըսածս, ուրեմն փութամ պարզել: Ես՝ իբրեւ հինգ զաւակներու վերջինեկ, աչքերս բացած եմ ընտանիքի մը մէջ, ուր կը խօսուէր երկու հայերէն՝ արդի աշխարհաբարը եւ բարբառ մը. այս վերջինը թրքախառն լեզու մըն էր, որ սեփականութիւնն էր մօրս եւ մեծմօրս. անոնք երկուքը ուրիշ լեզու չէին գիտեր, մինչ հայրս, — որ Եղեռնէն ետք տարի մըն ալ ուսուցչութիւն ըրած էր հայ որբերուն, — բարբառի կողքին կը խօսէր նաեւ գրական արեւտահայերէնը (լաւ գիտէր օսմաներէն ալ):
Հինգ քոյր ու եղբայր կատարելապէս ընտելացեր էինք այս կացութեան. հօրս հետ կը խօսէինք գրական հայերէնով, իսկ մօրս ու մեծ մօրս հետ՝ բարբառային: Այս կացութիւնը բացարձակապէս չէր նեղեր մեզ. նոյն պահուն, խօսքային նոյն շրջագիծէն ներս հօրս ուղղելով մեր խօսքը հեզասահօրէն կ՚ըսէինք՝ «ինչպէ՞ս կ՚ուզես որ երթամ», իսկ նոյնը մօրս դառնալով պիտի ըսէինք՝ «ինտո՞ր կ՚ուզես, քի իյամ»: Մէկ լեզուէն միւսին անցումը այնքան բնական ու անսայթաք կ՚ըլլար, որ մենք բացարձակապէս ոչ մէկ ճիգ կը թափէինք, ինչպէս դուք պիտի չթափէիք, եթէ ձեր շուրջը ունենայիք հայ մը եւ չինացի, որոնց առաջինին պիտի դիմէիք հայերէնով, իսկ երկրորդին… չինարէնով:
Մինչեւ այստեղ արտասովոր եւ ուսուցողական ոչինչ կայ:
Ուսուցողականը կը սկսի ասկէ անդին:

* * *

Մայրս, — ուրեմն նաեւ մեծմայրս, — կատարելապէս յստակ կ՚արտասանէր մեր հինգ եռաշարք բաղաձայնները՝ պեր (բե՛ր), կացի (գացի), տուռ (դուռ), ծիւն (ձիւն), ճուր (ջուր) եւ այլն: Մինչ հայրս եւ շրջապատս, ներառեալ ուսուցիչներս, այս բառերը կ՚արտասանէին փեր, քացի, թուր, ցիւն, չուր, ինչպէս կ՚արտասանենք հիմա մենք՝ բոլոր «զտարիւն» արեւմտահայերս:
Լեզու մը սորվելու եւ իւրացնելու լաւագոյն միջավայրը ընտանիքն է. ընտանիքէն ներս լեզուական ամենաբարդ հարցերը կը լուծուին ամենահեշտ ու պարզագոյն միջոցներով հոն, ուր դպրոցը այնքա՜ն կը չարչարուի ու կը չարչարէ՝ առանց մեծ արդիւնքի հասնելու: Դուք կրնա՞ք պահ մը պատկերացնել, թէ հինգերորդ դարուն հայ մանուկները Հայաստանի մէջ գրաբար կը խօսէին՝ առանց դպրոցի ու գիրքի, իսկ մեր աբեղաները տարիներ կը զոհեն՝ առանց հասնիլ կարենալու երբեմնի այդ մանուկներու հեզասահ խօսուածքին: Որմէ՞ կը սորվէին այդ գրաբարը, — անշուշտ իրենց շրջապատէն, որ նմանապէս դպրոց ու գիրք չէր տեսած: Ուրեմն, մենք ալ մեր կարգին՝ հինգ քոյր-եղբայր, կատարելապէս, առանց նուազագոյն ճիգի, բայց նաեւ անգիտակցաբար, կը տիրապետէինք այս երկակի արտասանութեան նրբութիւններուն. օրինակ՝ հոն ուր հօրս ուղղելով մեր խօսքը պիտի ըսէինք՝ «թուռը փացի», մօրս ու մեծմօրս ուղղելով մեր խօսքը ինքնաբերաբար կ՚ըսէինք՝ «տուռը պացի», որ է «դուռը բացի»: Նմանապէս՝ «ցմեռը հասաւ» եւ «ծիմեռը հասաւ» (ձմեռը հասաւ), «քիւղ քացինք» եւ «կեղ կացինք» (գիւղ գացինք) եւ այլն:
Անշուշտ հիմա, տասնամեակներ ետք, չեմ կրնար զարմանքս զսպել՝ ի յուշ կարգ մը երեւոյթներու, որոնք օրին աննկատ անցած են մտքիս ծիրէն: Այսպէս, օրինակ, ինչպէ՞ս կ՚ըլլար, որ Փոքր Հայքի այն անշուք գաւառակին մէջ, ուր ծնած ու մեծցած էին ծնողքս եւ նախնիներս, պահպանուած էին եռաշարք բաղաձայնները, մինչ Արեւմտահայաստանի ամբողջ տարածքին խախտած էին անոնք ու դարձած էին երկշարք: Կամ թէ կանգ առնեմ մօրս միայն ծիմեռ (ձմեռ) արտասանութեան վրայ. այս արտասանութիւնը ո՛չ աշխարհաբար է, ո՛չ գրաբար. իր «ի» ձայնաւորով ան կը համապատախանէ բառիս նախահայերէնեան փուլին, ուր ան այդպէս կ՚արտասանուէր 4-5 հազար տարի առաջ (տես Աճառեանի «Արմատական»ը): Աղէկ, սակայն այս արտասանութիւնը ինչպէ՞ս անփոփոխ հասած է ծնողքիս բերանը՝ առանց ազդուելու գրաբարի, միջին հայերէնի ու աշխարհաբարի արտասանութիւններէն, որոնք տարբեր եղած են, եւ մնացած է միայն մե՛ր բարբառին մէջ, քանի Աճառեան կը թուէ ձմեռ-ի մօտաւորապէս 15 բարբառային արտասանութիւն, որոնցմէ ոչ մէկը «ի» ձայնաւորը կը բովանդակէ:
Չեմ գիտեր ու չեմ գիտեր:
Ահա յիշեալ «գիտելիքներով զինուած»՝ ամեն անգամ որ ուղղագրութիւն կ՚ընէինք դպրոցը, ես կը յաջողէի պզտիկ վերլուծում մը կատարել ուսուցիչին արտասանութեան եւ իսկոյն կը գուշակէի, թէ ինչպէ՞ս պիտի զանազանեմ անոր արտասանած փ, ք, թ, ց եւ չ բաղաձայնները, որոնք, անցնելով մօրս ձայնարանին մաղէն, ինծի յստակօրէն կը թելադրէին բ կամ փ, գ կամ ք, դ կամ թ, ձ կամ ց, ջ կամ չ եւ այլն եւ որոնց զանազանումը ընկերներուս համար իսկական մղձաւանջ մըն էր, ինչպէս եւ է ներկայիս ալ բոլոր արեւմտահայ դպրոցականներուն եւ… չափահասներուն: Ընկերներս կը զարմանային, իսկ ուսուցիչներս անշուշտ մեծապէս կը գնահատէին «ուղղագրագիտութիւնս», մինչ ես շատ լաւ գիտէի… թէ այդ յաջողութիւնները իմ շնորհքիս արդիւնքը չէին, այլ կը պարտէի մօրս եւ մեծմօրս՝ երկու անգրաճանաչ գեղջուկներու արտասանութեան:
Եւ միակ չզարմացողը ես էի:

* * *

Չեմ գիտեր ինչու, Հրաչեայ Աճառեան, որ այնքան բարբառներ սերտած է, ոչ մէկ ակնարկութիւն ըրած է մերինին: Գոնէ ինքս չեմ հանդիպած նման ակնարկութեան մը՝ ո՛չ «Արմատական բառարան»-ի, ո՛չ ալ «Հայոց լեզուի պատմութիւն»-ի մէջ, որոնց երկուքին ալ մօտէն ծանօթ եմ:
Իսկ այդ բարբառը այսօր գրեթէ այլեւս մոռցուած է:
Եթէ անցեալին, ծնողքիս ողջութեան, մէկ-մէկ կը հանդիպէի զայն խօսողներու, որոնք «հայրենակից» կը կոչուէին, հիմա այդպիսիներէն մնացող չկայ այլեւս: Զայն խոսողներէն այլեւս չկայ մեր ընտանիքին անդամներէն ոչ մէկն ալ:
Կը մնայ որ ե՛ս խօսիմ զայն:
Այս ընել կարենալու համար՝ պէտք է որ բոլորովին առանձնանամ, փակեմ աչքերս ու ականջներս ալ, ու մտովի վերականգնեմ մօրս պատկերը ու… զրուցեմ հետը:
Այլապէս, առանց անոր մտապատկերին, որ է՝ առանց անոր դէմքին նայելու, չեմ յաջողիր վերականգնել հնչիւնական այն համակարգը, որ յատուկ էր այդ բարբառին:

– Բ –

Դժբախտաբար չեմ յաջողիր յիշել նախակրթարանի հայոց լեզուի առաջին ուսուցիչներս: Ո՞վ, օրինակի համար, ինծի օգնեց կարդալու «Արագած»-ի առաջին էջը, ապա երկրորդը, երրորդը… Շատ լաւ կը յիշեմ, որ այդ հրաշալի դասագրքին հեղինակը՝ Օննիկ Սարգիսեանը, ամեն առտու Աբգարեան կը հանդիպէր՝ բերելով իր երկու անչափահաս զաւակները, որոնք մեր ընկերներն էին, սակայն ինք՝ Սարգիսեան, կը մնա՞ր այնտեղ ու կը դասաւաանդէ՞ր, թէ՞ կը հեռանար, — չեմ կրնար կողմնորոշուիլ. կարծես աւելի հաւանական է վերջինը:
Կը յիշեմ այդ տարիները լեցնող ուրիշ անուններ եւս:
Սարգիս Շխրտըմեանը, որուն մտապատկերը ահա աչքերուս առջեւն է, այնքան յստակ կը տեսնեմ զինք այս տողերը շարադրելու առթիւ: Սակայն ի՞նչ կը դասաւանդէր… Անոր հետեւողութեամբ՝ նաեւ մտապատկերը Ստեփան Օգնայեանին, որ նախորդին քեռայրն էր եւ գեղագրութիւն կը դասաւանդէր: Ան գրպանին մէջ միշտ ունէր հաստ դերձան մը, որ կաւիճով կը թաթախէր, մէկ ծայրէն ինք կը բռնէր, միւս ծայրէն՝ մեր ամենաբարձրահասակը, կը լարէր, ապա թող կու տար զայն, եւ գրատախտակին վրայ, մեր հմայուած աչքերուն առջեւ, անթերի կ՚ուրուագծուէր հորիզոնական նուրբ գիծ մը, յետոյ երկրորդ մը, երրորդ մը: Այս գիծերուն վրայ երկիւղածութեամբ կը գրէր նախադասութիւն մը, որ մենք պարտէինք գեղագրել մեր տետրակներուն մէջ՝ մետաղեայ գրչածայրով եւ հեղուկ մելանով:
Շատ բարի, սակայն այս նոյն ուսուցիչը հայերէն լեզու կը դասաաւանդէ՞ր:
Կը յիշեմ տակաւին պայծառ ու պատկառելի կերպարը Յովհաննէս Թապաքեանին ալ, որ այնքան ձեռնհասութեամբ Ընդհանուր ազգաց պատմութիւն կը դասաւանդէր, սակայն հայերէն ալ կը դասաւանդէ՞ր…

* * *

Միւս կողմէ՝ այնքան մանրամասն կը յիշեմ հայոց պատմութեան ուսուցիչս՝ Արտաշէս Տէր Գէորգեանը: Օ՜, ամբողջ մշակոյթ մը, ամբողջ քաղաքակրթութիւն մըն էր այս մարդը, որ այսօր գրեթէ ոչ ոք կը յիշէ կամ կը ճանչնայ:
Ես մեծագոյն երախտագիտւթեամբ կ՚ոգեկոչեմ զինք, վասնզի բախտաւոր եմ, որ իրեն պէս ուսուցիչ մը ունեցած եմ: Օրհնեալ ըլլայ իր յիշատակը, եւ թող հանգիստ ննջեն անոր տառապած ոսկորները: Ան լայնօրէն արժանի է:
Պարոն Արտաշէսը հասուն, հաւանաբար 60-ը անց մարդ մըն էր, երբ ճանչցայ կամ ունեցայ իբրեւ հայոց պատմութեան ուսուցիչ՝ առաջին դասարանէն սկսեալ: Թող որ երբեք չեմ յիշեր այն ժամանակը, ուր ան իմ պատմութեան ուսուցիչս եղած չըլլայ, այնքան լեցուցած է ան իմ կեանքս եւ այնքան մշակած է իմ միտքս:
Միշտ ժպտուն, միշտ կոկիկ, սնդիկի պէս յարաշարժ, ամեն տեղ էր ան, ուր պարտականութիւնը, իմա՝ աշակերտութեան կարիքները կը կանչէին զինք:
Զարմանալի հմտութեամբ ու պարզութեամբ ան մեզի կը բացատրէր Հայոց պատմութեան ամենաբարդ ու մթին դրուագները, եւ այս՝ նախակրթարանի տարրական դասարաններէն սկսեալ: Հետագային, երբ բարձրագոյն կարգերու, մինչեւ իսկ համալսարանի մէջ կը վերադառնայի այդ նոյն դէմէքերու ու դէպքերու սերտողութեան, զարմանքով կը նկատէի, որ այստեղ ինծի ջամբուած գիտութիւնը՝ ինչ-ինչ տիտղոսակիր, պսակաւոր ու անպսակ դասախօսներու կողմէ, գրեթէ ոչինչ կ՚աւելցնէր իմ գիտցածիս վրայ, այն գիտութեան, որ Պուրճ-Համմուտի մէկ աննշան նախակրթարանին մէջ անանուն ուսուցիչ մը աւանդած էր:
Այս վկայութիւնը կրնայ չափազանցութիւն ու հեքիաթ թուիլ այսօրուան պայմաններուն մէջ, բայց եւ այնպէս ոչ մէկ յերիւրանք կայ պատումիս մէջ ու ոչ մէկ չափազանցութիւն: Հակառակը շատ աւելի ճիշդ է:
Իր այս շնորհքին կը զուգորդուէր Հայոց պատմութեան դասագիրքերու այն հոյակապ շարքն ալ, որ մեր սերունդները ունէին իրենց ձեռքերուն մէջ եւ որոնց հեղինակը յաւէտ խնկելի Սիմոն Սիմոնեանն էր: Արեւմտահայ սփիւռքը իր տոկունութեան ու գոյատեւման մէջ շատ բան պարտական է այդ դասագիրքերուն եւ անոնց հեղինակին, որ իր վարքով ու բարքով, համոզումներով ու երազներով ինքնին կենդանի Հայոց պատմութիւն մըն էր, կենդանի Հայաստան մը:

* * *

Եւ ըսել, որ այս բոլորին ետին կանգնած էր դժբախտ մարդ մը:
Այո, դժբախտ էր մեր պատմութեան ուսուցիչը:
Ան բաժնուած էր իր կողակիցէն, որուն մասին կը պատմէին շատ բաներ, որոնք անըմբռնելի էին մեզի, եւ իր ուսերուն կը կրէր տխուր մենակեցութեան ամբողջ բեռը:
Իմ բնակարանս շատ մօտ էր դպրոցիս, եւ կէսօրին արձակուելէ հազիւ քառորդ ժամ ետք վերադարձած կ՚ըլլայի, որովհետեւ այստեղ կը գտնէի 50-է աւելի չքաւոր ընկերներ, որոնք կէսօրին տուն չէին երթար, այլ կը սնանէին ԼՕԽ-ի տրամադրած «պնակ մը կերակուր»-ով:
Եւ նման առիթներու յաճախ կը պատահէր, որ պարոն Արտաշէս զիս կանչէր, ինծի յանձնէր պղնձեայ ափաչափ ճմռթկուած ու գոյնը նետած աման մը, վճարէր 15 դահեկան, այսինքն՝ հինգ սենթ, եւ ապսպրէր իր կէսօրուան ճաշը.
—Սուրէն աղային ըսէ, թող հինգ ղուրուշի հաց տայ, տասը շուրուշի ալ՝ ռուփ:
Սուրէն աղան թաղին փռապանն էր, որ կարգ մը նպարեղէն ալ կը ծախէր:

* * *

Այդ օրերէն մօտաւորապէս քսան տարի ետք էր:
Պէտք ունէի գրաբար Աստուածաշունչի մը, եւ առ այս դիմեցի Bible house, որ խորհրդարանին դիմաց կը գտնուէր. ասոնք յղեցին զիս Մխիթարեան գրախանութ, որ կը գտնուէր Ս. Պօղոս հիւանդանոցին տակ, Պուրճ-Համմուտի քաղաքապետարանին մօտ: Հերթապահ վարդապետը ըսաւ, որ չունի ուզածս եւ յանձնարարեց դիմել պարոն Արտաշէսին, որ «ճիշդ դիմացի թաղը կը բնակէր, չորրորդ տունը»:
— Ո՞ր Արտաշէսին, — հարցուցի՝ տարտամօրէն յիշելով, որ իմ պատմութեան ուսուցիչս գիրքերու առուծախով ալ կը զբաղէր, մանաւանդ ամառները՝ «երկու ծայրերը իրարու բերելու համար», երբ թոշակ չէին գանձեր այլեւս:
— Տէր Գէորգեան կը կոչուի, — ճշդեց վարդապետը:
Գացի ու գտայ տունը… եթէ կարելի է տուն կոչել գտածս:
Մութ խուց մըն էր ան, քանի մը մեթր տարածութեամբ, որուն մէջտեղը կիսամերկ կանգնած էր ան եւ կը փորձէր կապել ինչ-որ վէրք մը, որուն չէր հասներ ձեռքը: Զիս տեսնելով՝ «հա՛, տղա՛ս, լա՛ւ եկար, — ըսաւ, կարծես քիչ առաջ բաժնուած ըլլայի իրմէ ու կը սպասէր, եւ տուաւ վիրակապը, — քու ձեռքդ դիւրին կը հասնի»:
Ա՛լ ծերացած էր, եւ անցնող 20 տարիները անոր կերպարին վրայ դրոշմած էին իրենց անդառնալի հետքերը: Բայց եւ այնպէս յստակ ու պայծառ կը յիշէր զիս՝ առանց անակնկալի որեւէ բառի ու շարժումի:
Պարզեցի գալուստիս նպատակը:
Ցաւ յայտնեց, որ չունի ուզած գիրքս:
Պահ մը մտածեցի քիչ մը աւելի մնալ, բայց ո՞ւր մնայի, նստելու յարմար տեղ մըն ալ չէի տեսներ, եւ զրուցել հետը, բայց չէի գիտեր նաեւ՝ ի՛նչ ըսել ու ի՛նչ հարցնել, այնքան շուարած ու ընկճուած էի:
Այնպէս ալ ապիկար ու գլխահակ հեռացայ եւ անկէ ետք ա՛լ չտեսայ զինք:

– Գ –

1951-52 տարեշրջանը բաւական փոփոխութիւններ բերաւ Աբգարեանին. տարիներու տնօրէն Արմէն Ղարիպը եւ կարգ մը այլ «գաւազանակիրներ» դադրեցան անդամակցելէ անոր կազմին, որմէ բաւական բան շահեցան մեր… ափերը:
Հայոց լեզուի մեր նոր ուսուցիչն էր արտասովոր մարդ մը, որ միաժամանակ դպրոցի տնօրէնն էր: Ան հետեւեալ բառերով նկարագրած է ինքզինք իր մէկ աշխատութեան մէջ. «Մազերի տեղ մի անթափանց մացառուտ, գլխի վրայ՝ դաժան տեսքով մի հարազատ սիկիլիական մաֆիոզ… Ասացի՝ ուշադիր լինել սրան, պայուսակներից մէկը չանհետացնի» («Մեծերը եւ միւսները», էջ 263):
Ինքզինք այսպէս «սիկիլիական մաֆիոզ»-ի նմանցնող անձը ոչ աւելի, ոչ պակաս Անդրանիկ Ծառուկեանն էր՝ «Նայիրի»-ի հիմնադիրը, տէրն ու տնօրէնը:
Խոստովանիմ, որ մեր մէջ ամենէն հասունն ու իրազեկն ալ ոչ մէկ գաղափար ունէր իր մասին, իր՝ ազգային, գրական, գաղափարական ու հանրային փոթորկալի կեանքի հանգամանքներուն մասին, որոնք հետաքրրքական չէին բնաւ, եւ հետագայ երկու տարիները շատ բան չփոխեցին մեր հետաքրքրութեան այս մակարդակէն:
Միւս կողմէ, սակայն, դժուար է պատկերացնել ուսուցիչ մը, որ իր արտաքինով թէ մտաւորական պաշարով, աւելի ճիշդը՝ ուսուցման եղանակով ու նիստ-կացով, իր անհատականութեամբ, իր ողջ կերպարով այնքան շուտ, այնքան խոր տպաւորէ իր աշակերտները, որքան այս նոր տնօրէնը, որ անբացատրելի հրապոյր մը ու գրաւչութիւն մը ունէր մեր բոլորին համար:
Հակառակ իր մեծղի կազմին՝ ան դասարան կը մտնէր մանր, զգուշ ու հանդարտ, կարելի է ըսել՝ յուշիկ քայլերով, կարծես բամբակի վրայէն կը քալէր եւ կը վախնար գետին կոխելու: Հազիւ մտած՝ դէմքը թեթեւ մը ձախ կը թեքէր բարեւելու համար մեզ (կամ ալ այնպէս կը կարծէինք, թէ կը բարեւէր)՝ գրեթէ առանց լսելի դարձնելու իր ձայնը ու արդէն հասած կ՚ըլլար ամպիոնին, ուր ակնթարթ մը կանգ կ՚առնէր. անոր վրայ ելլելը որոշ ճիգ կը պահանջէր իրմէ, քանի ոտքերէն մէկը շատ առողջ չէր եւ թեթեւ կաղութիւն մը ունէր. թող որ շատ վայելուչ ու գրաւիչ էր այդ կաղութիւնը, այլեւ մինչեւ իսկ… վարակիչ, ինչպէս շուտով յայտնի դարձաւ բոլորիս:
Այո՜, վարակիչ էր այդ կաղութիւնը:
Ու մենք շատ շուտ վարակուեցանք անկէ:
Վասնզի ամիսը չլրացած՝ դասարանի բոլոր տղաքս սկսանք… կաղալ: Ծառուկեան այնքան տպաւորած էր մեզ, այնքան համակուած էինք իրմով, որ իւրաքանչիւրիս մէջ յառաջացած էր իրեն նմանելու անդիմադրելի մարմաջ մը: Եւ որովհետեւ ուրիշ ոչ մէկ ձեւով կրնայինք նմանակել զինք կամ չափուիլ իր հետ, ապա կը մնար մէկ միջոց, այն է՝ կաղալ իրեն պէս, մանաւանդ բակը, զբօսանքներուն եւ ի ցոյց աշակերտութեան, փողոցը:
Այլեւ ի մասնաւորի դասարանին մէջ՝ իր ներկայութեան:

* * *

— Յովհաննէ՛ս, գրատախտակին առջեւ:
Եւ Յովհաննէս կ՚ելլէ տեղէն, անշուշտ որոշ… դժուարութեամբ, մէկ ձեռքով կը բռնէ գիրքը, միւսը կը տանի զիստին՝ օգնելու համար, որ շատ չցաւի ան, չի մոռնար դէմքին տալու այս բոլորին համապատասխանող սրտաճմլիկ արտայայտութիւն մը ու վերջապէս մեծ ճիգերով եւ ուժասպառ կը հասնի առջեւը գրատախտակին, որ նստած տեղէն հազիւ երկու մեթր անդին է:
— Ի՞նչ ունիս, — դասը մոռցած կը հարցնէ Ծառուկեան:
—Չեմ գիտեր, պարոն, կռնակի ցաւ մը, որ ոտքիս կը զարնէ կոր…
Եւ անկեղծօրէն ալ չի գիտեր, որովհետեւ բնախօսական իսկական ցաւ մը հազիւ թէ գոյութիւն ունենար:
Քիչ ետք միւսը, յաջորդ օրը ես կամ չորրորդ մը եւ այսպէս ամեն օր ու շարունակ. ամեն մէկը պատրուակ մը, շատ «լուրջ պատճառ մը» կ՚ունենար կաղալու՝ կա՛մ պաղ առած կ՚ըլլար, կա՛մ սխալ շարժում մը ըրած կ՚ըլլար, կա՛մ ոտքը դարձած կ՚ըլլար, կա՛մ ջիղը քաշուած կ՚ըլլար…
Մինչեւ որ օր մըն ալ չի դիմանար ու կը պայթի Ծառուկեան.
— Ձեր մէջ մէկ հատ առողջ ոտք ունեցող չկա՞յ…
Առողջանալ ուզող կա՞ր, որ առողջ ոտք ունենայինք, հապա որո՞ւ ձգէինք իրեն պէս կաղալու պատիւը: Կայի՞ն մեզմէ աւելի արժանաւորները:

* * *

Տարիներ ետք բժշկական տարեգրութեանց մէջ կը կարդայի անցած-գացած պատմութիւններ, երբ աչքիս զարկաւ շատ ուշագրաւ դրուագ մը: 19-րդ դարու առաջին կէսին, — դուք ըսէք՝ երկրորդ քառորդին, — Անգլիոյ մէջ, աւելի ճիշդը՝ մի՛այն Լոնտոնի մէջ, կը տիրէ կաղութեան համաճարակ մը. երիտասարդ, առողջ, առոյգ պատանիներ կը սկսին մէկ օրէն միւսը կաղալ: Օրուան լաւագոյն բժիշկները կը փորձեն ախտաճանաչել այս արտասովոր երեւոյթը եւ ոչինչ կը հասկնան: Չեն հասկնար, որովհետեւ ժամանակով Ֆրէօյտէն հեռու են տակաւին, մինչ անդին օրերը կ՚անցնէին, եւ անոնց հետ կ՚աւելնար զոհերուն թիւը՝ հակառակ ամեն տեսակ կանխազգուշական միջոցներու եւ խուսափողական փորձերու՝ պետական թէ անհատական բարձրագոյն մակարդակներու վրայ:
Մինչեւ որ…
Տասնամեակներ անց շատ երիտասարդ բժիշկ մը կը համարձակի յայտնել իր դասախօսներուն, թէ այս բոլոր կաղացողներուն ենթագիտակիցին մէջ կը գտնուէր… Լորտ Պայրընը, — այդ անգլիացի կաղ բանաստեղծը, — որուն հմայքին զոհերն են այս պատանիները, քանի բոլորն ալ ի խորոց սրտի կը ցանկային Պայրըն մը դառնալ՝ թէկուզ… կաղալով:
Այս բոլորը տեղի կ՚ունենան բանաստեղծին փառքի օրերուն, երբ ամբողջ Անգլիան, — եւ ոչ միայն Անգլիան, — հարբած էր Պայրընի հանճարով, այլեւ անոր ֆիզիքական տպաւորիչ գեղեցկութեամբ ու սիրային պատկերազարդ գայթակղութիւններու անվերջանալի պատմութիւններով, որոնք կը լեցնէին օրուան թերթերու էջերը, տուները, փողոցները, ամբողջ Լոնտոնը, եւ հետզհետէ պատճառ կը դառնային, որ ան չարախօսուէր ու բրտօրէն հալածուէր անգլիացի մաքրակրօններու (puritan) կողմէ:
Բայց ահա այս բոլորը իրապէս վերջ կը գտնեն, երբ օր մըն ալ անիծապարտ բանաստեղծը կ՚ընէ շռնդալից յայտարարութիւն մը. «Եթէ այս բոլոր ըսի-ըսաւներն ու քսութիւնները ճիշդ են, ապա ես արժանի չեմ Անգլիոյ, իսկ եթէ սուտ են, ապա Անգլիան արժանի չէ ինծի», — կ՚ըսէ ու կը խզէ իր բոլոր կապերը հայրենիքին ու ժողովուրդին հետ, կը ծախէ ողջ ունեցուածքը եւ կը հեռանայ ընդմիշտ՝ հասնելու համար ի վերջոյ այդ օրերուն իր անկախութեան համար մարտնչող Յունաստանը, որուն ազատամարտիկներուն կը նուիրաբերէ իր ամբողջ հարստութիւնը, ուր եւ կը մեռնի 1827-ին՝ թոքատապի պատճառով:
Որմէ ետք… կաղութեան ոչ մէկ պարագայ կ՚արձանագրուի, իսկ «հիւանդ»ներն ալ կամաց-կամաց կը վերագտնեն իրենց առողջ ոտքերը…
Ճիշդ մեզի պէս:
Ուրեմն պատմութիւնն էր, որ այսպէս հաւատարմօրէն կը կրկնէր ինքզինք յանձինս երկու մեծ, այլախոհ, բայց խորապէս առինքնող բանաստեղծներու, երկուքն ալ կաղ, մէկը՝ անգլիացի, Լոնտոնի մէջ, միւսը՝ հայ, Պուրճ-Համմուտի մէջ:
Իսկ մենք այդ պատմութիւնը նորովի կերտող ու անոր վաւերականութիւն դրոշմող անգիտակից դերակատարներն էինք:
Է՜հ, մենք չըլլայինք ալ՝ հապա ո՞վ ըլլար:

(Շարունակելի)

Պէյրութ

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *